Կաթողիկոսարանէն

«ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՇԵՇՏՈՒՄ»

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի «Ուխտի Օր»ուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. Շաբաթ 13 Օգոստոս 2022։

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, ընդհանրապէս կ՚անդրադառնանք մեր ժողովուրդը յուզող այժմէական խնդիրներու ու երեւոյթներու։ Այսօրուան Մեր հայրական խօսքին վերնագիրն է.- ազգային պատկանելիութեան վերաշեշտում։ Ինչո՞ւ այս մտահոգութիւնը ու մանաւանդ՝ կոչը։ Եկէք միասնաբար տեսնենք այս մարտահրաւէրին տուն տուող հիմնական դրդապատճառները եւ ապա զանոնք դարմանելու ազդու միջոցները։

Կ՚ապրինք համաշխարհայնացած աշխարհի մէջ։ Համաշխարհայնացումը իր տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, ճարտարագիտական եւ այլ երեւոյթներէն ու արտայայտութիւններէն անդին, էապէս մշակոյթ է, որ իր արժեհամակարգով ու արժեչափերով, մտածելակերպով, գործելակերպով ու կենցաղակերպով կը քանդէ ամէն տեսակ ինքնութիւն ու պատկանելիութիւն, սահման ու կառռյց, մարդը վերածելով անդիմագիծ ու աննպատակ համաշխարհային իրականութեան մը։ Մեծ ազգերը կրցած են որոշ գոյակցութիւն մը ստեղծել համաշխարհայնացումին հետ։ Փոքր ազգերը, եթէ չկարենան իրենց արմատները զօրացնելու ազդու միջոցներու դիմել, ուշ կամ կանուխ, դատապարտուած են մնալու պատմութեան արխիւներուն եւ թանգարաններուն մէջ։

Համաշխարհայնացումի ալիքները հասած են նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքին ափերը, Հայաստանի թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Ականատես ու ականջալուր կը դառնանք մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս այնպիսի ապազգային երեւոյթներու, որոնք կը խախտեն մեր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներու համակարգը, կը հիւծեն մեր արմատները ու կը գունաթափեն մեր ինքնութիւնը։ Արդարեւ, դարաւոր պատմութիւն կերտած, կեանքի փոթորկալից պայմանները ամուր վճռակամութեամբ դիմագրաւած ու ահաւոր տագնապներու մէջ իր գոյութիւնը պահած հայ ժողովուրդը կը մերժէ համաշխարհայնացումի ընկլուզող հոսանքներուն ենթակայ դառնալ, վտանգելով իր պատկանելիութիւնը, նոյնիսկ իր գոյութիւնը։

Համաշխարհայնացումի ահաւոր ալիքներուն դէմ կարելի է պայքարիլ մեր ազգային պատկանելիութեան վերաշեշտումով. այլ խօսքով՝ մեր ինքնութեան բիւրեղացումով, մեր արժէքներու ամրացումով, մեր հաւատքին խորացումով՝ համահունչ ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն։

Մեր ողջ պատմութեան ընթացքին, հետեւեալ չորս նուիրական կառոյցները դարձած են մեր ազգը պահող հիմնական սիւները.- ընտանիք, եկեղեցի, դպրոց, հայրենիք։ Զիրար ամբողջացնող, պայմանաւորող ու հզօրացնող այս կառոյցները առաւել քան երբեք այսօր եւս կը կազմեն առանցքը մեր պատկանելիութեան, աղբիւրը մեր ինքնութեան, ողնասիւնը մեր ազգային գոյութեան ու երաշխիքը մեր յաւերժութեան։ Սակայն, ներկայ ժամանակներուն անոնք մտահոգիչ կացութիւն կը պարզեն։

– Փոքր եկեղեցի ու փոքր Հայաստան դարձած հայ ընտանիքը սկսած է իր հայաբոյր մթնոլորտը կորսնցնել, ազգային նկարագիրը փոխել՝ օտարին օտարացնող ներկայութեամբ։ Խառն ամուսնութիւններու ու ամուսնալուծումներու թիւը սկսած է զգալի աճ արձանագրել, նոյնիսկ Լիբանանի հայահոծ գաղութէն ներս։ Համայնքային կեանքէն հեռացումները լայն չափով առնչուած են այս տխուր երեւոյթին։ Փոխանակ օտարը հայացնելու, մենք սկսած ենք օտարանալ։ Այս մտահոգիչ երեւոյթին հիմնական պատճառը նօսրացումն է ազգային գիտակցութեան, զոր կը ստանանք մեր ծնողքէն, եկեղեցիէն ու դպրոցէն։

– Եկեղեցին, որ սնուցիչն է մեր հաւատքին ու դաստիարակը մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն, սկսած է դառնալ խորհրդակատարութիւններու ու հոգեհանգիստներու վայր։ Ճիշդ չէ դասական հայերէնը նկատել հիմնական պատճառը մեր երիտասարդները եկեղեցիէն հեռու պահող։ Այս տխուր կացութիւնը հետեւանք է մէկ կողմէն՝ եկեղեցւոյ վերանորոգման բացակայութեան, եւ միւս կողմէն՝ հայ կեանքէն ներս համաշխարհային արժեհամակարգի հետզհետէ ապահայացնող ներկայութեան։

-Արդարօրէն հայ դպրոցը նկատուած է հայակերտումի հնոց։ Այսօր հայ դպրոցը տագնապի մէջ է։ Հայ դպրոցի աշակերտութեան թիւը նուազումի մէջ է։ Դարձեալ, խորապէս մտահոգիչ երեւոյթ մը, որուն գլխաւոր պատճառը ո՛չ թէ հայ դպրոցին մակարդակն է, այլ՝ ազգային պատկանելիութեան նկատմամբ ծնողքին անպատասխանատու մօտեցումն է։

– Հայաստանը, որ կոչուած է իր շուրջ համախմբելու մեր ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները, յատկապէս մեր պատմութեան ներկայ ճշդորոշիչ ժամանակներուն, իր վարած ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեամբ, մասնաւորաբար Արցախի վերջին պատերազմէն յետոյ, կը շարունակէ ճեղքեր ու բեւեռացումներ յառաջացնել հայ կեանքէն ներս Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ։

Ընդհանուր գիծերով մեր պարզած մտահոգութիւնները գոյ են, առաւել կամ նուազ տարողութեամբ, հայ կեանքէն ներս ամէն տեղ։ Այժմ մեր հայեացքը կեդրոնացնենք Սփիւռքին վրայ։

Ներկայ տարին հռչակած ենք «Սփիւռքի Տարի»։ Սփիւռքը հրամայական ու անմիջական կարիքը ունի վերակազմակերպման, վերանորոգման ու վերակենսաւորման։ Սա պարագայական հաստատում չէ, այլ գոյութենական խնդիր է։ Այս յոյժ կարեւոր գործընթացը կը սկսի ազգային գիտակցութեան ամրապնդումով ու պատկանելիութեան վերաշեշտումով։ Այո՛, թերութիւններ ունինք. աշխարհի յարափոփոխ պայմաններուն հետ չենք կրցած քայլ պահել, մեր կառոյցները չենք կրցած վերանորոգել, դարձած ենք ինքնամփոփ, ինքնաբաւ ու ինքնավստահ եւ բաւարարուած ենք եղածը պահելով։ Պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը. տեղ մը անտարբերութեան, այլ տեղ՝ քաղքենիութեան եւ մեզ մեր հարազատ պատկանելիութենէն հեռացնող երեւոյթներ սկսած են լայն տեղ գրաւել մեր անհատական, ընտանեկան թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ։ Հարկ է ըլլալ իրապաշտ, հեռու զգացական ու տեսական մօտեցումներէ։ Հարկ է ըլլալ նաեւ ինքնավստահ ու յանձնառու՝ հայ կեանքի բացասական երեւոյթները անկեղծօրէն ընդունելու եւ քաջաբար սրբագրելու։ Արդ, ախտաճանաչումը հարկ է ճիշդ կատարել, որպէսզի կարենանք Սփիւռքի վերակազմակերպումը ճիշդ ուղղութեան մէջ դնել։

Մեր ծնողները ցեղասպանութենէն յետոյ Սփիւռքը կազմակերպեցին՝ ընտանիք կազմելով, եկեղեցի շինելով, դպրոց հաստատելով ու  մեծ զոհողութեամբ անհայրենիք դարձած հայը հայ պահելով։ Բիւր յարգանք անոնց։ Սփիւռքի մէջ հայ մնալը ամէնօրեայ պայքար էր եւ է՛ այսօր՝ Սփիւռքի մէջ հայ մնալը աւելի ահեղ ու գոյութենական պայքար։ Սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ կոչուած է հայապահպանման պայքարին քաջամարտիկ զինուորը դառնալու։

Սփիւռքի վերակազմակերպման նպատակը հայութեան ինքնութեան առողջ պահպանումն է ու անոր գոյութեան ամրացումը։ Այս նպատակը կարելի է իրագործել՝ հայ ընտանիքի վերականգնումով, հայ դպրոցին վերակազմակերպումով, հայ եկեղեցւոյ վերանորոգումով, մեր կառոյցներու բարեկարգումով, հայ կեանքին մեր երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեամբ, Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան առաւել կազմակերպումով ու ծաւալումով։ Այս հաստատումներէն իւրաքանչիւրը կ՚ենթադրէ խոր վերլուծում, լայն քննարկում ու մանաւանդ հաւատքով կռանուած, վճռակամութեամբ պրկուած ու յստակ տեսլականով առաջնորդուած հաւաքական ու ծրագրուած աշխատանք։

Կ՚ուզե՞նք Հայաստանը ծաղկեցնել ու Արցախը ամրապնդել եւ մեր ազգային արմատները ամրացնել, Սփիւռքը պէտք է վերակազմակերպենք ու հզօրացնենք այսօ՛ր, վաղը կրնայ ուշ ըլլալ։ Կ՚ուզե՞նք Սփիւռքը վերակազմակերպել, իւրաքանչիւր հայ, ընտանիք, կառոյց ու համայնք պէտք է մասնակից դառնայ այս հաւաքական ճիգին։ Ահա մարտահրաւէրը մեր դիմաց։

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

13 Օգոստոս 2022
Պիքֆայա, Լիբանան