Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՕՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Ինչպէս հաղորդած էինք, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս անցեալ 17 Օգոստոսին մասնակցեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) 101րդ Շրջանային Ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Շառլոթի մէջ (Հիւսիսային Գարոլայնա)։ Սրբազան Հայրը, յանուն Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին, բարձրօրէն գնահատեց ՀՕՄի մէկ դարէ աւելի նուիրական առաքելութիւնը հայաշխարհի մէջ բարեսիրական, մշակութային, ընկերային կեանքը ոռոգող  երախտարժան ու բարեբեր ծառայութեամբ։ Սրբազան Հայրը վեր առաւ վերջին վեց տասնամեակներու Ազգային Առաջնորդարանի ու ՀՕՄԻ միջեւ սերտ գործակցութիւնը։ Ան ընդգծեց յառաջիկայի համագործակցութեան նորանոր ծրագիրներու կարելիութիւնը Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։ Հուսկ ապա, մաղթեց որ համաժողովէն բխած ծրագիրները  նոր թափ եւ սլացք տան ի սփիւռս աշխարհւ վիրաւոր սրտով  մեր ժողովուրդի զաւակներուն։