Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՈՒՄ (2 Սեպտեմբեր, 1991)

2 ­Սեպ­տեմ­բեր, 1991ին, այդ ժա­մա­նակ տա­կա­ւին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար Մարզ եւ ­Շա­հու­մեա­նի շր­ջան ա­նու­նով ծա­նօթ՝ հա­յոց հի­նա­ւուրց Ար­ցախ աշ­խար­հի ժո­ղովր­դա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, մար­զա­յին եւ շր­ջա­նա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու միացեալ նիստ մը գու­մա­րե­լով, հռչա­կեցին Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւնն ու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմնադրու­թիւնը։

­Ար­ցա­խի հա­յու­թեան յան­դուգն այդ քայ­լը վերջ կու տար Ար­ցա­խի տաս­նա­մեակ­նե­րու գերեվարման եւ սրբագ­րեց Ս­տա­լի­նի ձեռ­քով, 1921-1923 թո­ւա­կան­նե­րուն, հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծուած ա­նար­դա­րու­թիւ­նը՝ Արցախի «նուէրը» Ատրպէյճանին։ Ծայր աս­տի­ճան դժո­ւար պայ­ման­նե­րու մէջ կը կատարուէր ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը, Ար­ցա­խի մէջ ու ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, կրցած է ի­րա­գոր­ծել ատրպէյ­ճա­նեան լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու իր ո­րո­շու­մը։

­Թէեւ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը տա­կա­ւին գո­յու­թիւն ու­նէր, բայց 19 Օ­գոս­տոս 1991ին տե­ղի ու­նե­ցած էր պետա­կան յե­ղաշրջ­ման փոր­ձը ­Միխայիլ Կոր­պա­չե­ւի իշխանութեան դէմ։ ­Այդ փոր­ձը ձա­խո­ղու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ` Պորիս Ել­ցի­նի ղե­կա­վա­րու­թեան տակ հա­մախմ­բո­ւած ռուս ա­զա­տա­կան հո­սան­քի հա­կա­հա­րո­ւա­ծին հե­տե­ւան­քով։ Քա­նի մը ա­միս ետք, ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ին, տեղի պիտի ունենար ­Խորհրդա­յին ­Միու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ու վերջ­նա­կան լուծարու­մը։

­30 Օ­գոս­տոս, 1991ին, ­Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի ­Գերա­գոյն ­Խոր­հուր­դը որդեգրած էր «­Խորհրդա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի ազ­գա­յին անկախու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի հռչակագիր»ը, որ «օրինական ճամ­բան» պի­տի բա­նար ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինքնավար ­Մար­զի բռնագրաւումին եւ ատրպէյ­ճա­նա­կան լու­ծի ամ­բող­ջա­կան պարտադրու­մին առ­ջեւ։

Այդ յայ­տա­րա­րու­թեան պա­տաս­խա­նը ե­ղած է Արցախի անկախութեան հռչակումը 2 Սեպտեմբերին, որ Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմը դրաւ։ Օ­րին դժուար էր հա­ւա­տալ, որ ­ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ա­զա­տու­թեան հա­մար պայքարող Արցա­խի հա­յու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար իրագործելու իր ան­կա­խու­թիւ­նը ատրպէյ­ճա­նա­կան լու­ծէն։

Ատր­պէյ­ճան ո­րո­շած էր դուրս գալ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թե­նէն եւ վե­րա­կանգ­նել 1918ին թաթարնե­րու յօ­րի­նած Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը իբ­րեւ ան­կախ պե­տու­թիւն։ Այդ քայլը Արցախի հայութեան ձեռքերը ազատ կ՚արձակէր։ Ար­ցա­խը երբեք մաս չէր կազ­մած 1918-1920ի անկախ Ատրպէյճանին։ 1991ին ար­դէն ժա­մա­նակն էր, որ­պէս­զի խորհր­դա­յին օ­րէնք­նե­րով ու սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով, բայց նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի հիմ­նա­րար ուխ­տա­գիր­նե­րուն վրայ հիմ­նո­ւե­լով, ­Լեռնա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզն ու ­Շա­հու­մեա­նի շր­ջա­նը միա­ւո­րո­ւէին ան­կախ պե­տու­թիւն հռչա­կո­ւած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ։

1991-1994ի պատերազմով, Ար­ցա­խի  պաշտ­պա­նա­կան բա­նա­կով կրցաւ ա­զե­րի բռնատիրութենէն ա­զա­տագ­րել հա­յա­պատ­կան Ար­ցա­խի տա­րածք­նե­րը, այ­լեւ ի­րա­ւա­կան ու ժողովրդավարա­կան հի­մ­քով պե­տա­կա­նու­թեան իր շէն­քը բարձ­րաց­նել, թէեւ դրացի ատրպէյճանական բռնատիրութեան կողմէ շղթայազերծուած երկրորդ, 44օրեայ պատերազմը՝ Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր 2020ին, եւ անոր հետեւանքները շատ սուղ արժեցին եւ դեռ կ՚արժեն ամբողջ հայութեան։ Կը մնայ չընկրկիլ թշնամիի խաղերուն առջեւ եւ արեան անհամար գետերով շահուածը հիմքը դարձնել պայծառ ապագայի։