Featured, Խմբագրական

ԱՐՑԱԽԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ

25 Օգոստոսը, երբ Աղաւնոյ եւ Բերձոր գիւղերը յանձնուեցան Ատրպէյճանի բռնագրաւող ուժերուն, հայոց պատմութեան տխրահռչակ թուական մը պիտի դառնայ։ Հայաստան տակաւին կը կրէ աղէտալի պարտութեան հետեւանքները 44-օրեայ պատերազմէն գրեթէ երկու տարի ետք։

Ջարդի ու սպանութեան կողքին, Ատրպէյճան՝ իր գործընկեր ու հովանաւոր Թուրքիոյ չափ ոճրագործ ազգ մը, այլ միջոցներու կը դիմէ, ինչպէս զինուորական ու քաղաքական ճնշումը՝ հողային ոտնձգութիւններու իր քաղաքականութիւնը իրագործելու համար։

Այսուհանդերձ, պատկերը աւելի բարդ է։ Մինչ հայերը կը պարտադրուին Աղաւնոյի եւ Բերձորի իրենց տուները լքելու, Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւնները կապող նոր ճանապարհ մը գործածութեան կը յանձնուի։ Ասիկա խօսուն վկայութիւն մըն է դանդաղօրէն ստեղծուող նոր իրավիճակի մը Արցախի շուրջ։ Բռնապետութենէ մը ակնկալի՝ խռպոտ բոլոր ձայներուն կողքին, կը թուի, թէ Ատրպէյճան լռելեայն համաձայնած է, որ «Ղարաբաղի խնդիրը» չէ լուծուած։ Չէ լուծուած, առնուազն այնքան ատեն, որ Ռուսաստան ըսելիք ունի, ինչ որ դիտորդներու համար այնքան անթափանցելի է, որքան Քրեմլինի վերջին ժամանակներու որեւէ այլ նախաձեռնութիւն։

Այս բոլորը տակաւին պարագայական է։ Խնդրոյ առարկայ չէ, սակայն, որ ասիկա այլեւս ազգամիջեան հակամարտութիւն մը ըլլալէ հեռու է, ինչպէս մակերեսային վերլուծում մը ենթադրել կու տայ, ու դարձած է քաղաքակրթական հակամարտութիւն մը։ Արցախն ու Հայաստանը ժողովրդավարական կառավարութիւններ ունեցած են՝ 1991ին իրենց անկախութենէն ի վեր։ Ընդհակառակը՝ Ատրպէյճան որոշ կայունութիւն գտած է Ալիեւներու ժառանգական վարչակարգին տակ, այժմ՝ Իլհամի գլխաւորութեամբ, որ աշխարհի ամենէն եղծանուած (corrupt) քաղաքական գործիչներէն մէկն է։

Միայն կարելի է գուշակութիւններ ընել այս բարդ ու գլխապտոյտ պատճառող բեմադրութեան ապագայ ընթացքին մասին, որ մեզմէ կը պահանջէ արթնամիտ ըլլալ։ Հայաստանի համար աւելի թանկագին բան չկայ, քան խաղաղութիւնը։ Սակայն, երբ Հայաստանի ու Արցախի սահմանակից թրքական երկիրները միայն բիրտ ուժին կը հաւատան, պէտք է շարունակենք մեր հսկողութիւնը առանց ընկրկումներու։