ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆ (ծնունդ՝ 11 Սեպտեմբեր, 1875)
Արեւմտահայ գրականութեան եզակի դէմք մը՝ արձակագիր, բանաստեղծ եւ մանկավարժ Ինտրա (Տիրան Չրաքեան), կը համարուի ցեղասպանութեան զոհերէն, թէեւ մահացած է 1915էն վեց տարի ետք։
Ծնած է 11 Սեպտեմբեր, 1875ին, Պոլսոյ Սկիւտարի արուարձանը։ 1881-1885ին սորված է Պոլսոյ Ս. Խաչ նախակրթարանին, իսկ 1886-1891ին՝ «Պէրպէրեան» վարժարանին մէջ, ուր մեծ ուսուցչապետ Ռէթէոս Պէրպէրեանի շունչին տակ կազմաւորուած է։ Յաճախած է նաեւ Կ. Պոլսոյ Գեղարուեստական վարժարանը։
Հազիւ ուսումը աւարտած, Չրաքեան «Պէրպէրեան» վարժարանի հայ գրականութեան դասատու կարգուած է։ 1897ին թուականին մեկնած է Փարիզ՝ կատարելագործուելու նկարչութեան մէջ։ Յաջորդ տարի հեռացած է Պոլիսէն՝ Փոքր Ասիոյ հայկական շրջաններուն մէջ ուսուցչութիւն ընելու եւ ստեղծագործական իր աշխատանքին նուիրուելու համար։ 1904ին անցած է Եգիպտոս, ուր երկու տարի ուսուցչութեամբ զբաղելէ ետք վերադարձած է Պոլիս՝ «Պէրպէրեան» եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ հայ գրականութիւն, ֆրանսերէն լեզու եւ քերականութիւն, ինչպէս նաեւ բնական պատմութիւն դասաւանդելու պաշտօնով։
Գրած է յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ, արձակ խոհեր, տպաւորութիւններ, բանաստեղծութիւններ։ Իր երկու գիրքերը լոյս տեսած են Ինտրա ծածկանունով (Տիրան անունի շրջափոխութիւնը), որ էր նաեւ հնդկական կայծակի աստուածութեան անունը։ 1906ին լոյս ընծայած է «Ներաշխարհ» խորագրով խոհերու եւ տպաւորութիւններու գիրքը, փիլիսոփայական խոր մօտեցումներով, որ մեծ հռչակ բերած է իրեն, եւ որուն մասին յայտնուած են իրերամերժ կարծիքներ։ Իր դէմ ուղղուած քննադատութիւններուն առ ի պատասխան՝ ծաւալուն յօդուածաշարքներով հանդէս եկած է պոլսահայ մամուլի էջերուն, գրական¬քննադատական եւ իմաստասիրական իր մօտեցումները պարզելով ու պաշտպանելով։1908ին հրատարակած է «Նոճաստան» հնչեակներու ժողովածուն։
1909ի Ատանայի ջարդերուն արձագանգը խորապէս ցնցած է Ինտրայի զգայուն ներաշխարհը։ Ըստ կենսագիրներու, երեք անգամ ուղեղի ցնցում անցուցած է, մինչեւ որ խախտած է անոր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը։ Ուրացած է բանաստեղծի անցեալը, կրակի տուած է իր գիրքերն ու յատկապէս անտիպ ձեռագիրները, որոնցմէ շատ աննշան մաս մը կարելի եղած է փրկել։ 1914ին ապաշխարած եւ շաբաթապահ դարձած է, ձեռնարկելով Աւետարանի քարոզչութեան։
1916ին Չրաքեան ձերբակալուած է, բայց իր հաւատակիցներու նիւթական կաշառքներով ազատած է ամիս մը ետք։ Զինադադարէն ետք, 1918էն 1921ին, շաբաթապահներու իր խումբով՝ Չրաքեան աւետարանական քարոզիչի իր գործունէութեան նոր թափ տուած է Սեւ ծովու շրջանին մէջ։ Փետրուար 1921ին ձերբակալուած է քեմալականներու կողմէ իբրեւ կասկածելի։ Աքսորուած է Գոնիայէն դէպի Տիգրանակերտի խորերը։ Աքսորի ճանապարհին՝ Սիլվանի մօտ, 6 Յունիսին նահատակուած է, չդիմանալով աքսորեալներուն հսկող թուրք ոստիկաններու գործադրած ծեծին եւ չարչարանքներուն։ Լուրը տարի մը ետք հասած է պոլսահայ թերթերուն։