Մեր դպրոցներէն

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

ԾԱՆՕԹԱՆԱՆՔ «ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻՆ

«Սիամանթօ» լսարանը պատանիներու յատուկ միօրեայ ձեռնարկ մըն է, որ 13էն 18 տարեկան պատանիներ կը խմբէ իրենց ինքնութիւնը ամրապնդելու ճիգով, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի նիւթերով հարստացնելով զանոնք։

«Սիամանթօ լսարանը Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի հովանաւորութիւնը կը վայելէ։ Սկիզբ առած է 1981ին, գլխաւորութեամբ տիկ. Հուրի Սահակեան-Փափազեանին։ Ան սահմանափակուած էր Նիւ Եորքի, ուր կը գտնուի Ազգային ԱռաջնորդարաAll Postsնը, եւ մօտիկ Նիւ Ճըրզի նահանգի պատանիներով։

Հիմնադրութեան իսկ օրէն յարատեւ մտահոգութիւն եղած է բոլորին՝ ծնողներու, տնօրէնութիւններու, ազգայիններու, այլ նահանգներու պատանիները անմասն չձգել այս նախաձեռնութեան։

2019ի Հոկտեմբերէն 2020 Փետրուար, հեռավար ծրագիրներ ընելու փորձեր կատարուեցան, քանիցս Skypeով միանալով Հայ համացանցային Համալսարանին, Երեւան։ Յաջող էին փորձերը, որոնց պիտի յաջորդէր տարբեր նահանգներու հետ կապը ստեղծելը նոյն օրինակով։ Սակայն, պսակաձեւ ժահրը եկաւ իր հրամայականը դնելու եւ ամէն չարիքի պէս իր բարիքն ալ բերելով՝ Zoomի կապով։ Որքան որ «Սիամանթօ» լսարանի պատանիները տուն մնալէ ետք քանի մը հանդիպում իրագործեցին Skypeով, սակայն Zoomը ի վերջոյ յաղթական եղաւ։

Հակառակ համավարակի բերած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, 2020-2021ի վերամուտը արդէն փառաւոր էր «Սիամանթօ» լսարանին համար, որ ունեցաւ մօտ 60 աշակերտներ՝ Թեմիս հովանաւորութիւնը վայելող տարբեր նահանգներէ։

2021-2022ի վերամուտին, պատանիները շաբթուան հինգ օր հեռավար դաս ընելէ յոգնած՝ կը տատամսէին վեցերորդ օր մըն ալ պաստառին ետեւ նստիլ, իսկ նախորդ տարուան համեմատութեամբ, արդէն կրնային որոշ չափով տունէն դուրս ելլել։ Հետեւաբար, տուժած էր աշակերտութեան թիւը։

 

ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2022-2023

Պսակաձեւ ժահրի մեծապէս հեռանալուն առաջին հանդիպումն էր անցնող Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր, 2022ի Zoomը։

Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ նախագահն է նաեւ Ուսումնական Խորհուրդի Յանձնախումբին, տարուան բացումը կատարեց իր օրհնութեան աղօթքով ու քաջալերող խօսքերով։

Մեր պատանիները ողջունեցին Ուսումնական Խորհուրդի Յանձնախումբէն՝ տիկ. Մակի Նալպանտեանը, եւ դպրոցներու տնօրէնուհիներ՝ տիկ. Մայտա Մելքոնեանը (Ս. Ստեփանոս շաբաթօրեայ, Մէսէչուսէթս), տիկ. Լալա Տեմիրճեանը («Մուրատ» վարժարան, Ռոտ Այլընտ)։ Ներկայ էին նաեւ Հայ Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) կողմէ՝ համագործակցութեան եւ գործառնական ղեկավար տիկ. Արփինէ Թաւաքալեանն ու մանկավարժ՝ տիկ. Անի Տեկիրմենճեանը, որոնք ՀՀՀի ընդմէջէն ճիգ չեն խնայեր մեր աշակերտներուն կարիքները հոգալու։

Ուսուցիչներէն այս անգամ ներկայ էին՝ տիկ. Լենա Նազարեանը, տիկ. Թալին Կիրակոսեան, տիկ. Սօսի Միշոյեանն ու պրն. Արթուր Ադայեանը։

Հանդիպումները սկսած են, սակայն նոր պատանիներու ներկայութիւնը միշտ ողջունելի է։ «Սիամանթո»յի առաքելութիւնը կը սատարէ մեր երիտասարդութեան հայեցի պատրաստութեան, որ իր հերթին զօրաւոր Սփիւռքի մը գրաւականն է ու հրամայականը։