Մեր դպրոցներէն

ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ 

Սրբոց Վարդանան եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) «Մուրատ» ազգային եւ կիրակնօրեայ վարժարանները վերամուտի տօնախմբութիւն մը կազմակերպեցին Շաբաթ, 10 Սեպտեմբերին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, որուն մասնակցեցան աւելի քան 50 մանուկներ եւ իրենց ծնողները։ Զուարճալի օր մըն էր բազմաթիւ անակնկալներով, ինչ որ ոգեւորեց երեխաները՝ խանդավառ ոգիով սկսելու դպրոցական տարին։