Լուրեր

ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Շատ ազգայիններ ամենատարբեր ձեւերով իրենց օժանդակութիւնը կը բերեն Ազգային Առաջնորդարանին։ Երախտագիտութեամբ կ՚ուզենք արձանագրել, թէ այս տարուան մեր վիճակահանութեան 5.000 տոլարի առաջին մրցանակով բախտաւորուած օր. Սոնիա Տաղլեան (Մէսէչուսէթս) այդ գումարը տրամադրած է Ազգային Առաջնորդարանին։ Նոյնը ըրած են փոքրիկներ Նարեկ եւ Լոռի Գէորգեանները (Միշիկըն), որոնք բախտաւորուած էին երրորդ՝ 1.000 տոլարի մրցանակով։