Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՅԾԵՄՆԻԿ ՈՒՐԱՐՏՈՒ (ծնունդ՝ 15 Սեպտեմբեր, 1899)

Յայտնի արուեստագէտ Այծեմնիկ Ուրարտու եղած է առաջին կին քանդակագործը Խորհրդային Հայաստանի կերպարուեստի պատմութեան մէջ։ 

Բուն անունով՝ Այծեմնիկ Տէր-Խաչատրեան, ծնած է Կարս՝ 15 Սեպտեմբեր, 1899ին, ուսուցիչի ընտանիքի մը մէջ։

Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն, ընտանիքը տեղափոխուած է Ստաւրոպոլ (Հիւսիսային Կովկաս), ուր ապագայ քանդակագործուհին ռուսական գիմնազիոն յաճախած է մինչեւ ութերորդ դասարան։ 1921-1925ին հետեւած է Պաքուի մէջ նորաբաց բարձրագոյն արուեստանոցի դասընթացքներուն, իսկ 1926ին մասնակցած՝ Մոսկուայի քանդակագործներու ցուցահանդէսին, ուր իրական չափերով կատարուած երկու աշխատանքները մեծ գնահատանքի արժանացած են մասնակիցներուն եւ քննադատներուն կողմէ։ Նոյն թուականին, քանդակագործուհին տեղափոխուած է Երեւան։

1926-1940ական թուականներուն, Այծեմնիկ Ուրարտու ստեղծած է գործերու շարք մը, որ կը ներկայացնէր Հայաստանի յայտնի դէմքերու քանդակներ՝ գեղարուեստական տարբեր ձեւերու կիրարկումով։  Գրեթէ տասը տարի աշխատած է Յովհաննէս Թումանեանի յուշարձանի վրայ, որ մնացած է անաւարտ, բայց անոր ընթացքին ստեղծած է բանաստեղծի հերոսներու քանդակները, որոնք ինքնուրոյն գեղարուեստական արժէք ստացած են։ Մասնակցած է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան ստեղծման գործին մէջ։

Ստալինեան բռնութիւններու շրջանին, Այծեմնիկ Ուրարտուի գործերը դադրած են ցուցադրուելէ, իսկ մրցոյթներու ղրկուած գործերը անտեսուած են։ Այս անտեսումը հաւանաբար կապուած էր անոր մտերիմ ընկերոջ՝ յայտնի պատմաբան ու քաղաքական գործիչ Աշոտ Յովհաննիսեանի բանտարկութեան եւ աքսորի շրջանին հետ (1937-1943)։ Ամուսնացած են 1944ին, Ա. Յովհաննիսեանի ազատ արձակումէն ետք։

Քանդակագործուհին շարունակած է իր բեղուն աշխատանքը, սակայն ճակատագրի խաղերը նոյնպէս շարունակուած են։ 1947 թուականին փլած է արուեստանոցի առաստաղը՝ ոչնչնացնելով շուրջ 40 ուրուագծեր եւ աշխատանքներ: Միայն բազմաթիւ բողոքի նամակներէ ետք, արուեստանոցը վերանորոգուած է շուրջ տարի մը ետք։

1956ին, Այծեմնիկ Ուրարտու արժանացած է Խորհրդային Միութեան վաստակաւոր արուեստի գործիչի աստիճանին, իսկ 1960ին` Հայաստանի ժողովրդական նկարիչի կոչման: Քսան տարի աշխատած է իը վերջին աշխատանքներէն մէկուն՝ Մովսէս Խորենացիի քանդակին վրայ, զոր աւարտած է 1961ին եւ այժմ կը զարդարէ Մատենադարանի սրահներէն մէկը։

1960ական թուականներուն, Ա. Ուրարտու դադրած է ստեղծագործելէ, որուն պատճառը Ալցհայմըրի հիւանդութիւնն էր։ Նոյնիսկ նամակ գրելը դժուարութիւն պատճառած է իրեն, բայց կամքի ուժով յարատեւած է իր գործունէութեան մէջ ու մինչեւ կեանքի վերջը ղեկավարած է Հայաստանի նկարչական ֆոնտը եւ Նկարիչներու Միութեան քանդակներու բաժինը։

Այծեմնիկ Ուրարտու մահացած է Երեւան, 17 Դեկտեմբեր, 1974ին։