Մեր ծուխերէն

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 11 Սեպտեմբերին, Խաչվերացի տօնը նշուեցաւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ ռեհանի եւ մատաղի օրհնութիւն։ Աւանդական մատաղը նուիրուած էր Մուսա Տաղի ինքնապաշտպանութեան 107ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 83ամեակին։ Օրուան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Այնճարի վարժարաններուն: