Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԱՐ ԺԻՐԱՅՐ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց տիար Ժիրայր Պէօճէքեան՝ ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի նախագահ եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի հայրենադարձներու  յանձնախումբի պատասխանատու, որուն կ՚ընկերակցէին ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի անդամ՝ տիար Վալոտ Աթախանեան եւ «Արցախ» ֆոնտի անդամ՝ օր. Փօլին Տոսթումեան։

Պաշտօնական այս այցելութեան ընթացքին, տիար Պէօճէքեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր զեկուցեց Հայրենիքէն ներս տիրող ներկայ իրավիճակի եւ հայրենադարձերու մասին, յատկապէս շեշտը դրաւ սփիւռքահայութեան գործօն դերակատարութեան վրայ Հայրենիքի ճակատագրական այս շրջանին։ Օր. Տոսթումեան, իր կարգին, ամփոփ կերպով ներկայացուց «Արցախ» ֆոնտի ծրագիրները  սահմանամերձ շրջաններուն մէջ։