Մեր ծուխերէն

«ԱՐՑԱԽ» ՖՈՆՏԻ ՅԱՋՈՂ ՁԵՌՆԱՐԿԸ Ս. ԼՈՒՍԱԻՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 18 Սեպտեմբերին, «Պարտութենէ դէպի վերածնունդ» խորագրով ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք)։ Բացումը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, որ բոլոր ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ու Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն հանդէպ իրենց անսակարկ զօրակցութեան համար այս դժուարին ժամանակներուն։ Ան նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կողմէ այդ ուղղութեամբ նախաձեռնած ծրագիրներուն։

Տէր Հայրը ներկայացուց ՀՅԴ «Արցախ» ֆոնտի պատասխանատուներէն օր. Փօլին Տոսթումեանը, որ ֆոնտի գործունէութիւնը ներկայացուց Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ու անդրադարձաւ ֆոնտի կողմէ հովանաւորուած « Վերելք» ծրագրին։ Իր կարգին, օր. Տոսթումեանը ներկայացուց Հայաստանէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող պրն. Ժիրայր Պէօճէքեանը, որ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումներուն եւ Թուրքիոյ կատարած դերին, ինչպէս եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հանդէպ Սփիւռքի միասնական յանձնառութիւնը պահելու անհրաժեշտութեան։