Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԷԴՈՒԱՐԴ ՋՐԲԱՇԵԱՆ (ծնունդ՝ 24 Սեպտեմբեր, 1923)

Էդուարդ Ջրբաշեան առաւելաբար 1960-1980ական թուականներու խորհրդահայ գրականագիտութեան եւ գրաքննադատութեան հեղինակաւոր դէմքերէն մէկը եղած է։

Ծնած է 24 Սեպտեմբեր, 1923ին, Երեւանի մէջ։ 1941ին աւարտած է Շոթա Ռուսթավելիի անուան թիւ 23 դպրոցը։ Այնուհետեւ զօտակոչուած է եւ զինուորական ուսում ստանալէ ետք, 1943-1944ին Բ. Աշխարհամարտին մասնակցած է, ուր վիրաւորուած է եւ ոտքը կորսնցուցած։ Զօրացրուելէ ետք, 1945-1950ին բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան ճիւղի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժնին մէջ։ 1950-1972ին դասախօսած է համալսարանի հայ գրականութեան տեսութեան ամպիոնին մէջ։ 1972-1985ին ղեկավարած է իր իսկ հիմնած գրականութեան տեսութեան եւ գեղագիտութեան ամպիոնը, իսկ 1985-1999ին՝ գրականութեան տեսութեան եւ արտասահմանեան գրականութեան ամպիոնը։ 1967ին արժանացած է փրոֆեսորի կոչման։

1954ին, Ջրբաշեան պաշտպանած էր թեկնածուական («Պոէմի ժանրը սովետահայ գրականութեան մէջ»), իսկ 1965ին՝ դոկտորական աւարտաճառերը («Թումանեանի պոէմները»)։ 1966-1970 թուականներուն, Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի գրականութեան տեսութեան բաժնի վարիչ եղած է։ 1974ին ընտրուած է Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ, իսկ 1982ին՝ ակադեմիկոս։  1977-1999ին վարած է գրականութեան հիմնարկի տնօրէնութիւնը։

Եղած է «Գրական թերթ»ի գլխաւոր խմբագրի տեղակալ (1953-1954), «Սովետական գրականութիւն» ամսագրի խմբագիր (1961-1962) եւ «Բանբեր Երեւանի համալսարանի» հանդէսի հիմնադիր խմբագիր (1967-1977)։

Էդուարդ Ջրբաշեան հեղինակած է աւելի երկու տասնեակ մենագրութիւններ եւ հարիւրաւոր յօդուածներ, եւ նախաձեռնած ու խմբագրած է հայ դասականներու երկերու հրատարակութիւններ։ 1970ին արժանած է Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին։

Մահացած է 10 Օգոստոս, 1999ին, Երեւանի մէջ։