ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 17.7-14
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 11:27-33
Յիսուս եւ իր աշակերտները դարձեալ Երուսաղէմ եկան: Մինչ Յիսուս տաճարին մէջ կը պտըտէր, իրեն մօտեցան աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչներն ու երէցները եւ հարցուցին.
– Ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները: Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ:
Յիսուս պատասխանեց անոնց.
– Լա՛ւ, ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ’ընեմ ասոնք, եթէ դուք ալ իմ հարցումիս պատասխանէք: Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն, թէ մարդոցմէ: Պատասխանեցէ՛ք տեսնեմ:
Անոնք սկսան իրարու միջեւ խորհիլ եւ ըսել.
– Եթէ ըսենք՝ «Աստուծմէ տրուած էր», մեզի պիտի ըսէ՝ թէ ինչո՛ւ չհաւատացիք իրեն. իսկ «Մարդոցմէ էր» չենք կրնար ըսել՝ ժողովուրդէն վախնալով, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ թէ՝ Յովհաննէս ճշմարտապէս մարգարէ է:
Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի.
– Չենք գիտեր:
Յիսուս ալ իրենց հարցումին պատասխանելով ըսաւ.
– Այն ատեն՝ ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ’ընեմ այս բաները:
Բ. ՆԱՄԱԿ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 13:5-13
Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք: Յուսամ գիտէք, թէ մենք այդ փորձը յաջողապէս կատարած ենք: Եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, որ չարիք չգործէք: Ասիկա ըսելով, չենք ուզեր մենք մեզ ընտիր ցոյց տալ. ընդհակառակը, կ’ուզենք որ դուք բարին գործէք, նոյնիսկ մեզ ամօթով ձգելու չափ: Որովհետեւ Աստուծոյ ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, այլ միայն կրնանք անոր համար աշխատիլ: Ուրախութեամբ յանձն կ’առնենք տկարանալ, միայն թէ դուք զօրանաք: Ուստի կ’աղօթենք որ հետզհետէ կատարեալ ըլլաք: Ասիկա հեռուէն կը գրեմ ձեզի, որպէսզի երբ գամ, պէտք չունենամ խստութեամբ վարուելու ձեզի հետ այն իշխանութեամբ՝ որ Տէրը ինծի տուաւ ուղղելու համար, եւ ո՛չ թէ պատժելու:
Կը փակեմ նամակս, եղբայրնե՛ր. ո՛ղջ եղէք: Կատարեալ ըլլալու աշխատեցէք, քաջալերուեցէ՛ք: Համերաշխ եւ խաղաղութեամբ ապրեցէք իրարու հետ, եւ այն ատեն խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ:
Սուրբ համբոյրով ողջունեցէք իրար: Այստեղի քրիստոնեաները կ’ողջունեն ձեզ:
Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլան: Ամէն: