Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՔԷՅ ԱՐՄԷՆ (մահ՝ 3 Հոկտեմբեր, 2011)

Ամերիկահայ երգչուհի Քէյ Արմէն ծանօթ անուն մը հանդիսացած է ամերիկեան ժողովրդական արուեստին մէջ 1940-1950ական թուականներուն։ Ան երեւացած է ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի, բեմերու եւ շարժապատկերի մէջ գրեթէ վեց տասնամեակ։

Բուն անունով՝ Արմենուհի Մանուկեան, ծնած է Շիքակօ, 2 Նոյեմբեր, 1915ին։ Հայրն ու եղբայրը, որոնց երկուքին բուն անունը Ռոպըրթ Մանուկեան էր, արհեստավարժ ըմբիշներ էին, որոնք ծանօթ եղած են Bob Monograph եւ Bobby Managoff անուններով յաջորդաբար։ Քէյ Արմէն առաջին երեւան եկած է ձայնասփիւռի միջոցով՝ Նաշվիլի մէջ, իսկ 1947ին արդէն իր սեփական շաբաթական յայտագիրը։

Հանրածանօթ եղած է “Stop the Music” հարցումներու յայտագրով, որ նախապէս ձայնասփռուած է եւ ապա անցած է հեռատեսիլին։ Ուիլիըմ Սարոյեան եւ իր զարմիկը՝ Ռոս Պաղտասարեան, Քէյ Արմէնի համար գրած են յայտնի “Come on-a My House” երգը, որ հետագային ձայնագրուած է Ռոզմէրի Քլունիի կողմէ։

Հեռատեսիլի մէջ, յայտնի դարձած է “Love and Marriage” կատակերգութեամբ, եւ բազմիցս երեւացած է showերու մէջ։ 1955ին, առաջին անգամ երեւցած է “Hit the Deck” երաժշտական կատակերգութեան մէջ, որ մեծ յաջողութիւն ունեցած է։ Այլ ժապաւէններու մէջ դերեր ունեցած է 1961ին, 1980ին եւ 1981ին։

Ի շարս այլ պատիւներու, 1995ին, նախագահ Պիլ Քլինթընէն ստացած է արուեստներու ազգային պատուոյ մետալը, իսկ 2008ին՝ «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի կողմէ։

Քէյ Արմէն մահացած է 3 Հոկտեմբեր, 2011ին, Նիւ Եորքի մէջ։