Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԻՑՍ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՒ ԳՏՆՈՒԱԾ ԵՒ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՄԱՍՈՒՆՔԻ ՄԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 25 Սեպտեմբեր)

Այսօր, Հայաստանեայց եկեղեցին կը տօնակատարէ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը: Համաձայն աւանդութեան, Սուրբ Հռիփսիմէ կոյսը, որ առանձնաշնորհուած էր Սուրբ Խաչէն մասունք մը ունենալու, Գայեանեանց կոյսերուն հետ հալածանքի ընթացքին պահած էր զայն, եւ որ անյայտ մնացած էր ամբողջ երեք դարեր: 653 թուականին Թոդիկ եւ Յովէլ անունով ճգնաւորներ իրենք զիրենք կը նուիրեն 12 օրերու խիստ ծոմապահութեան ու աղօթքի, եւ նախախնամութիւնը կը յայտնէ իրենց թաքնուած Սուրբ Խաչին վայրը: Օրուան Հայրապետը՝ Ներսէս Շինող Կաթողիկոս, այս առթիւ շարական մը կը յօրինէ եւ կը պատուիրէ որ Սուրբ Նշան եկեղեցին կառուցուի, ուր կը պահուի հրաշագործ մասունքը:

Այս տօնը իւրայատուկ է միայն Հայ Եկեղեցւոյ, որ Քրիստոնեայ աշխարհին՝ Արեւելեան ու Արեւմտեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներուն հետ, կը տօնէ նաեւ Խաչի նուիրուած երեք այլ տօներ՝ Խաչի Երեւման ու Վերացման եւ Գիւտ Խաչի տօները:

Սուրբ  Խաչի Մասունքի երկիցս կորսուիլն ու յայտնաբերուիլը, ապա դարձեալ կորսուիլը կը բերէ խորունկ պատգամ մը բոլոր դարերու հաւատացեալներուն։ Սուրբ Խաչը, ինչպէս անդրադարձած ենք Խաչվերացի տօնին առթիւ, առաջին անգամ յաչս ժողովրդեան բարձրացուցած է Յակովբոս Տեառնեղբայր Առաքեալը։ Քրիստոնէութեան հալածանքներու աւարտին յայտնաբերուած էր Հեղինէ մայր թագուհիի կողմէ չորրորդ դարուն։ Հռիփսիմէ կոյսը առանձնաշնորհուած էր մասունք մը ունենալու Սուրբ Խաչէն, զոր իր կարգին հալածանքներու պատճառաւ թաքուցած էր եւ 653 թուականին գտնուած Թոդիկ անունով ճգնաւորի մը կողմէ։ Մասունքը մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պահուած էր Վարագայ Ս․ Նշան եկեղեցւոյ մէջ, եւ այնուհետեւ կը մնայ անյայտ։

Իրա՛ւ է որ Վարագայ Սուրբ Խաչի նիւթեղէն մասունքը ժամանակաւոր կամ անժամանակ կերպով կորսուած կը մնայ, սակայն Սուրբ Խաչի խորհուրդն ու զօրութիւնը կ՛անդրանցնին ժամանակի ու տարածքի հասկացողութիւնը, որովհետեւ Խաչը շօշափելի նշանն է երկնաւոր Հօր՝ Իր Որդիով յայտնուած սէրին։ Այս մօտեցումով, հոգեւոր սուրբ Խաչը՝ Աստուծոյ սէրը, որ իմաստաւորեց նիւթեղէն խաչը, նաեւ կը ներշնչէ եւ կը զօրացնէ բոլոր անոնք որոնք կը սիրեն ու կը հետեւին Խաչեալ Յարուցեալին։

Չարը, մեր նախածնողներէն սկսեալ, անդիմադրելի խոստումներու փորձութեամբ միշտ հետամուտ է մեզ հեռացնել մեր գոյութեան գերագոյն նպատակակէտէն, անտեսելու Կենաց Աղբիւրը՝ հաճոյքներու դիւրակեաց եւ հանգստաւէտ կեանքի ընդմէջէն։ Այս չի նշանակեր, թէ Աստուած ստեղծեց մարդը տառապանքի, ցաւի ու մահուան համար, այլ կեանքի եւ ուրախութեան համար, զոր կը վայելեն Հրեշտակապետներն ու երկնային բոլոր Զօրքերը։ Չարը, որ իր կարգին բարի ստեղծուած էր, ինչ-ինչ պատճառներով ապստամբելով Արարիչ Աստուծոյ դէմ, եւ կորսնցնելով աստուածային առանձնաշնորհումը, որ միւս Հրեշտակապետներուն եւս շնորհուած էր, ամենայն նենգութեամբ խաբելով, խառնաշփոթութիւն ու անորոշութիւն եւ այլ վիճակներ ստեղծելով, կը խաւարեցնէ մեր հոգեւոր ու մտաւոր աչքերը, եւ ֆիզիքական զգայարանքներու կիրքով կը հեռացնէ բոլոր անոնք, որ իրենք զիրենք կը յանձնեն տէրերու Տիրոջ եւ կ՛երկրպագեն միայն Գառն Աստուծոյին (Յյտնթ 5.13)։

Խաչի կորսուելու եւ գտնուելու պարագաները նաեւ այլ խորհուրդ մը կը պարփակեն, այն որ մեր կեանքի ընթացքին հալածանքի կամ նեղութեանց եւ կամ այլեւայլ պատճառներով կրնանք կորսնցնել Խաչի պատգամող ապրելակերպը, բայց երբ անդրադառնանք եւ զմեզ Աստուծոյ ընծայենք, կ՛ողողուինք անոր մշտահոս օրհնութիւններով։

Ուստի, ներշնչուելով Աստուծոյ խոնարհ ճգնաւոր՝ Թոդիկի օրինակէն, աղօթելով աստուածահաճոյ մեր խնդրանքները ներկայացնենք Իրեն, որպէսզի անոնց իրականացումով առաւել եւս զօրանանք կեանքէ Կեանք մեր ուխտագնացութեան մէջ եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։