ԽՆԿՕ ԱՊԷՐ (մահ՝ 8 Հոկտեմբեր, 1935)
Աթաբէկ Խնկոյեան անցեալ դարասկիզբի հայ մանկական գրականութեան յայտնի անուններէն մէկը եղած է, որուն գործերը մինչեւ օրս կը շարունակեն պահել իրենց հետաքրքրութիւնը։ Անոր ընկերները այնքան սիրած են զինք, որ 1918ին կնքած են մտերմիկ՝ Խնկօ Ապէր անունով։
Ծնած է Փամբակի շրջանի Ղարաբոյա գիւղին մէջ (ներկայիս՝ Խնկոյեան), 19 Հոկտեմբեր, 1870ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, իսկ 1880-1882ին՝ Ալեքսանդրապոլի (այժմ՝ Գիւմրի) Մարտիրոս Պօղոսեանի մասնաւոր կրթարանին մէջ, որմէ ետք անցած է քաղաքային դպրոցը։
Գրական փորձերը սկսած է աշակերտական տարիքին։ Առաջին ժողովածուն՝ «Բանաստեղծական փորձեր»-ը, լոյս տեսած է 1890ին։ 1890–1910 թուականներուն ուսուցիչ եղած է տարբեր վայրերու մէջ, ներառեալ՝ Փամբակի գաւառը։ 1911ին փոխադրուած է Թիֆլիս, ուր պաշտօնավարած է Ստեփան Լիսիցեանի մասնաւոր դպրոցին ու քաղաքային դպրոցին մէջ, միաժամանակ աշխատակցելով «Հասկեր» պարբերականներին: 1923ին Խնկօ Ապէր հրաւիրուած է Հայաստան, ուր զբաղած է գրական-մշակութային գործունէութեամբ։ 1932ին արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր ուսուցիչի եւ վաստակաւոր գրողի կոչումներուն։
Գրած է բանաստեղծութիւններ, հեքիաթներ, առասպելներ, առակներ: Շուրջ 120 (նաեւ թարգմանական) գիրքերու հեղինակ է: Առաuել յայտնի են «Աղուէսն ու արջը» (1910), «Գող մաքին» (1911), «Առակներ» (1917), «Բանաստեղծութիւններ», «Մրգաստան» (1939), «Հէքեաթներ ու պատմուածքներ» (1967) ժողովածուները: Խնկո Ապէր զուարթ ու կատակասէր էր, սիրած է յանպատրաստից ստեղծագործել: Բնաւորութեան այդ գիծերը դրսեւորուած են անոր առակներուն մէջ, ուր ծաղրած է մեծամտութիւնը, ժլատութիւնը, ագահութիւնը, դատարկ ճամարտակութիւնը, փառամոլութիւնը, շողոքորթութիւնը եւ մարդկային այլ արատներ: Ծանօթ են նաեւ «Մեղուն», «Լուսինը», «Բկլիկ ձկնիկը», «Կարմիր գարունը», «Ճանճը», «Գիրք», «Փիսիկ», «Խոզի այծերը», «Սերոբը» գործերը: Առակներն ու ոտանաւորները, փոխադրությունները («Մկների ժողովը», «Գայլն ու գառը», «Ճպուռն ու մրջիւնը», «Խոզն ու ագռաւը») սիրելի են թէ՛ մեծերուն եւ թէ՛ փոքրերուն։ Խնկօ Ապէր հմուտ թարգմանիչ էր, որ բարձր արուեստով, կենդանի ու հիւթեղ լեզուով հայերէնի թարգմանած կամ փոխադրած է ռուս առակագիրներու եւ բանաստեղծներու գործերէն, ինչպէս եւ ռուսական ժողովրդական հէքեաթներ։
Մայրենի լեզուի դասագիրքեր կազմած է հայկական դպրոցներու համար։
Խնկօ Ապէր մահացած է 8 Հոկտեմբեր, 1935ին, Երեւանի մէջ, ու թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։ Անոր անունը կը կրեն մանկական հանրապետական գրադարանը Երեւանի մէջ եւ դպրոց մը՝ Գիւմրիի մէջ։