Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԻՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ հիւրասիրութեան մը ի պատիւ Աղեքսանդրիոյ եւ համայն Ափրիկէի պատրիարք Թէոդորոս Բ.ի, որ տեղի պիտի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Առաջնորդարանին մէջ, Նիւ Եորք։