Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԱՆՏԻՈՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ՃՈԶԷՖԻՆ

Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելութիւն մը տուաւ Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մետրոպոլիտ Գերշ. Տ. Ճոզէֆին՝ Անտիոքի Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանին մէջ։ Երկու առաջնորդները քննարկեցին երկու եկեղեցիները շահագրգռող տարբեր հարցեր։