ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՂԲԻՒՐԸ ԶՈՅԳ ՄԵԾ ՈՒԺԵՐՈՒ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 2 Հոկտեմբեր)
Այսօր, Սուրբ Խաչի Վերացման տօնի չորրորդ Կիրակին Աւետարանի ընթերցումը նշուած է Մարկոս 11.27-33։ Աւետարանիչը մեզի կը փոխանցէ վիճայարոյց երկխօսութիւն մը Հրէից աւագ քահանաներու, Օրէնքի ուսուցիչներու, երէցներու եւ Յիսուսի միջեւ։ Հոգեւոր օրինապահները կը հարցադրեն Յիսուսի, թէ ի՞նչ հեղինակութեամբ կ՛ուսուցանէ եւ կը գործէ. Նաեւ՝ ո՞վ տուած է Իրեն այդ իշխանութիւնը։ Յիսուս կը պատասխանէ անոնց. – Լա՛ւ, ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ’ընեմ ասոնք, եթէ դուք ալ իմ հարցումիս պատասխանէք: Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն, թէ՞ մարդոցմէ: Պատասխանեցէ՛ք տեսնեմ: Անոնք սկսան իրարու միջեւ խորհիլ եւ ըսել. – Եթէ ըսենք՝ «Աստուծմէ տրուած էր», մեզի պիտի ըսէ՝ թէ ինչո՛ւ չհաւատացիք իրեն, իսկ «Մարդոցմէ էր» չենք կրնար ըսել՝ ժողովուրդէն վախնալով, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ թէ Յովհաննէս ճշմարտապէս մարգարէ է: Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի. – Չենք գիտեր: Յիսուս ալ իրենց հարցումին պատասխանելով ըսաւ. – Այն ատեն՝ ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ’ընեմ այս բաները:
Հոգեւոր իշխանաւորները իրենք զիրենք կը նկատէին միակ հեղինակութիւնը՝ ուսուցանելու իշխանութիւն տալու։ Առ այդ, կը մօտենան Մեր Տիրոջ շատ նուրբ հարցումով մը Զինք թակարդելու համար։ Անոնք բացարձակապէս հետամուտ չէին լսելու Ճշմարտութիւնը, հետեւաբար իրենց նենգամտութիւնը կ՛առաջնորդէ զիրենք իրենց կարգին թակարդուելու։ Այս առթիւ, հետեւեալ մտածումները կը բաժնեկցիմ։
Հեղինակութիւնը Հին եւ Նոր Կտակարաններու մէջ ամենէն կարեւոր թեմաներէն մէկն է։ Աստուծոյ կողմէ Օրէնքի փոխանցումը Մովսէսի միջոցաւ Եբրայեցի ժողովուրդին, ապա մարգարէներու կողմէ անոր մնայուն ուսուցումը, եւ ի վերջոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ անոր կարեւորութեան շեշտումը, այս ամէնքը ներթափանցուած են հեղինակութեան ըմբռնումով եւ հաստատուած՝ անհամար հրաշքներով։
Հեղինակութիւնը, աշխարհիկ պրիսմակէն դիտուած, առհասարակ գործադրուած է գերակայութեան, ոյժի եւ տիրակալութեան հասկացողութեամբ։ Այս ուղղութեամբ, անգլիացի Լորտ Ճան Էքթոնի հաստատումը լաւագոյնս կը բնորոշէ այս ոգին․ «Հեղինակութիւնը ի վերջոյ կ՛առաջնորդէ փտախտի, իսկ բացարձակ հեղինակութիւնը՝ ամբողջական եղծանումի»։ Հաստատութեանց թէ կազմակերպութեանց, եւ կամ պետութիւններու պարագային, երբ հեղինակութիւն կը վստահուի անձերու, դժբախտաբար անձնական շահերը ամենայն արդարացի հոգեբանութեամբ կու գան պղծելու Ստեղծագործութեան կանոնաւոր ընթացքը շնչաւորող այս ներոյժը։
Քրիստոնէական ըմբռնումով, գերագոյն հեղինակութեան աղբիւրը Աստուած է, Որմէ կը հոսի եւ կը բաշխուի Իր արարածներուն։ Ամենակալ Տէրը մեր նախահօր եւ նախամօր հեղինակութիւն՝ իշխանութիւն տուաւ տիրելու ստեղծագործութեան վրայ, ո՛չ թէ զայն ապականելու, այլ առաւել եւս պայծառացնելու եւ արդարացնելու իրենց տրուած այս բացառիկ շնորհքը (Բ Կր 10.8)։ Արդարեւ, Աստուծոյ ողորմութեամբ է, որ ստեղծուած ենք որպէս բանաւոր էակներ եւ պատուուած ենք Աստուծմէ՝ Իր զաւակները ըլլալու (հմմտ. Ա Թս 5.5)։ Ան մեզ լիազօրած է, աստուածատուր հեղինակութեան իշխանութեամբ, որ դառնանք աշխարհի աղը եւ լոյսը (Մտ 5.13-16) նմանելով Քրիստոսի, իրենց բանտէն դուրս բերելով անոնք, որ գերին դարձած են իրենց կիրքերուն եւ մոռցած՝ իրենց հոգեկան կոչումը, բժշկելով բեկանեալ սրտերը եւ յոյս բերելով կեանքին մէջ բոլոր անոնց, որ կորսնցուցած են յաւիտենական կեանքի յոյսը (Ես 61.1-3 եւ Ղկ 4.18-19)։
Հեղինակութիւնը պէտք չէ սահմանափակել լոկ հոգեւորականներու շրջագծին մէջ, ընդհակառակը՝ անիկա կը վերաբերի կեանքի բոլոր ոլորտներուն։ Անկախ այն իրողութենէն, որ հրաւիրուած ենք ծառայել իբրեւ եկեղեցականներ, պետական-զինուորական գործիչներ, ծնողներ, տնօրէններ-ուսուցիչներ, ընդհանուր վարիչներ, եւայլն, պէտք է գիտակցինք, թէ մեզի վստահուած հեղինակութիւնը ամենէն թանկագին աւանդն է, զոր պէտք է արդիւնաւորենք որպէս գործակիցը Ամենակալ Արարիչին՝ խաղաղութիւն, ներդաշնակութիւն եւ բարօրութիւն յառաջացնելու յօգուտ մարդկութեան եւ ի փառս Աստուծոյ։ Հեղինակութեան ոյժը երկսայրի սուր է, որով ժողովուրդը կ՚ուրախանայ երբ արդարները իշխանութեան գլուխ կ՚անցնին, բայց կը սգայ երբ չարերը իշխանութիւնը ձեռք կը ձգեն (Առ 29.2)։
Պատմութիւնը վկայ է բազմաթիւ օրինակներով անոնց, որ դրական կամ ժխտական կերպով օգտագործած են աստուածային այս շնորհքը։ Որպէս հետեւորդները հեղինակութեան գերագոյն տիպար մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, մեզի հրամցուած փոքր կամ մեծ պատասխանատուութեանց իւրաքանչիւր առիթով մեզի վստահուած հեղինակութիւնը գործածենք Խաչեալ եւ Յարուցեալ Տիրոջ ոգիով։ Չարը միշտ պատրաստ է, շատ նուրբ փորձութիւններով, մեր մէջ ստեղծելու գերակայութեան բարդոյթը, մեր հեղինակութիւնը չարաշահելու եւ հեռանալու Տիրոջ մեզի եղած յաւիտենական խոստումներէն, որոնցմէ ինք զրկուած է առ յաւէտ։ Միշտ արթուն ըլլանք մանկամտօրէն չմսխելու Աստուծոյ այս ամենէն թանկագին պարգեւը, որպէսզի արժանի ըլլանք լսելու երկնային երանաւէտ ձայնը որ կ՚ըսէ՝ «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» (Մտ 25.34), եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։