Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՓՈՔՐ ԲԱՆԵՐ ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 9 Հոկտեմբեր)

Այսօր, Սուրբ Խաչի վերացման հինգերորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Մր 12.35-44։ Առաջին երկու համարներուն մէջ՝ 35-37, մեր Տէրը կ՛ակնարկէ Մեսիայի մասին գոյութիւն ունեցող հասարակաց ծանօթութեան, երկրորդ բաժնին մէջ՝ 38-40, կը պախարակէ Դպիրներու կեղծաւորութիւնը, իսկ երրորդ մասով կը գովաբանէ այրի կնոջ մը աննշան նուէրը, զոր Աւետարանիչը հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ. «Յիսուս կեցած էր տաճարի գանձանակին մօտ եւ կը դիտէր ժողովուրդը, որ դրամ կը նետէր գանձանակին մէջ: Շատ մը հարուստներ մեծ գումարներ նետեցին: Աղքատ այրի մըն ալ եկաւ եւ նետեց երկու լումայ, որ դահեկան մը կ’ընէ: Յիսուս մօտը կանչեց իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց. – Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը»։ Այս հատուաշէն մեկնելով հետեւեալ խոհերը կը բաժնեկցիմ։

ա․ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ներկայութիւնը Տաճարէն ներս տոկուն վկայութիւն մըն է, թէ Տաճար կ՛այցելէր։ 12 տարեկանին, Ան ամենայն հանդիսաւորութեամբ յայտնած էր իր ծնողաց, թէ «ինչո՞ւ զիս ուրիշ տեղ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ Հօրս տան մէջ պէտք է գտնուիմ» (Ղկ 2.49)։ Այս խօսքով եւ հետագայի Իր ընթացքով, մեր Տէրը յայտնեց, թէ Տաճարը կամ սինակոկները Իր երկրաւոր առաքելութեան մաս կը կազմեն։ Այս իրողութիւնը կարեւոր է  յատկապէս անոնց համար, որ կը վիճին, թէ աղօթելու համար պայման չէ եկեղեցի երթալ, մանաւանդ որ այլ շրջագծէ ներս առիթով մը մեր Տէրը յայտարարած էր, թէ «երբ կ՛աղօթես, առանձնասենեակդ գնա, փակէ դուռդ եւ աղօթէ երկնաւոր Հօրդ» (Մտ 6.6)։ Բանիմաց ընթերցողը շուտով պիտի անդրադառնայ, որ Քրիստոսի գործն ու խօսքը զիրար չեն հակասեր, այլ կ՛ամբողջացնեն։ Վասնզի մէկը ակնարկութիւն է հաւաքական, իսկ միւսը առանձնական աղօթքի բարիքներուն, առաւել եւս՝ հաւաքականի պարագային չըլլալ ցուցամոլ։

բ․ Մեր Տէրը ճիշդ է որ Տաճարին մէջ կ՛ուսուցանէր, միաժամանակ բոլոր անցուդարձերուն վերահասու էր։ Ասիկա ճշմարիտ ղեկավարի արժանիքներէն մին է, որ տեղեակ է եւ կը վերահսկէ ամէն բանի։ Ինչպէս որ նաւապետը իրեն վստահուած նաւուն ամէն ինչին ծանօթ է, նոյնպէս մեր Տէրը կենդանի պատկերով մեզի կը ներկայացնէ կացութիւն մը, որ առնչուած է Տաճարի ընդհանուր կեանքին հետ, երեւոյթ մը, որ շատ հաւանաբար շատերու ուշադրութիւնը պիտի չգրաւէր։

գ․ Հարուստ անձերու եւ աղքատ այրիի մը նուէրներու տարբերութիւնը նկատելը շատ յատկանշական է։ Առհասարակ, մարդ արարածներս կը գրաւուինք մեծութիւններով ու շքեղութիւններով։ Մինչ Աստուած կը տեսնէ մեծն ու փոքրը, շռնդալիցն ու աննշան կարծուածը։ Ան կը տեսնէ ո՛չ միակ երեւելի, այլ աներեւոյթ բաները, եւ կը կարդայ մեր սիրտն ու միտքը, ինչպէս կ՛ըսէ սաղմոսասացը (Սղ  7.9)։ Ո՛չ մէկ բան ծածուկ է Անոր հայեացքէն։ Ահա ա՛յս է հրաշալին։

դ․ Այրի կնոջ նուէրը որքան ալ աննշան էր, սակայն գովելի էր։ Ան կրնար մտածել, թէ բաղդատած ուրիշներուն, իր տուածը ոչինչ է տաճարի պէտքերուն դիմաց, որով կրնար արդարացի չքմեղանքով հրաժարիլ այդ չնչին նուէրը ընելէ։ Սակայն, ամենայն գիտակցութեամբ ու խոնարհութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ, եւ որ գնահատուեցաւ։

ե․ Ամենատես եւ Ողորմած Տէրը թուանշաններով չի տարուիր։ Տաճարի գանձանակին մէջ նուէր դնողներէն շատերը իրենց ունեցուածքին աննշան մէկ մասը թողուցին հոն, որ իրենց կենցաղին վրայ ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կրնար ունենալ։ Մինչ այրի կինը իր ունեցուածքին 100%ը՝ «իր ամբողջ ապրուստը» յանձնեց Աստուծոյ, վստահ ըլլալով որ Ան կը հոգայ բոլոր Իրեն յուսացողներուն։ Ճիշդ է, որ հարուստները մեծ գումար դրին գանձանակին մէջ, սակայն Տէրունական վճիռը եկաւ հաստատելու, թէ այրի կնոջ նուէրը՝ յարաբերաբար նուազ, սակայն աւելի շատ էր, քան միւսներունը։ Իրա՛ւ որ Աստուծոյ ճամբաներն ու խորհուրդները տարբեր են մարդոց ճամբաներէն ու մտածմունքներէն, ինչպէս կ՛ըսէ Եսայի մարգարէն (Ես 55.8-9)։

զ․Մեր Տիրոջ վերաբերմունքը օրինակելի է բոլոր դարերու հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացեալներու, եւ նոյնիսկ անաստուածներու համար, մեր շրջապատի անձանց ո՛չ միայն մեծ, այլ նաեւ փոքր դրական գործերը, վերաբերմունքը կամ մտածումները գնահատելով։ Ասիկա ընելով, նախ կը յայտնենք մեր անհատականութեան ազնուական նկարագիրը, միաժամանակ քաջալերած կ՛ըլլանք անոնք որոնց հետ կ՛ապրինք ու կը գործենք որպէս ընտանիքի անդամներ, դրացիներ, պաշտօնակիցներ, եւն․։ Աստուծոյ զօրութիւնը կը յայտնուի ինչպէս մեծ, նաեւ փոքր բաներու մէջ, ինչպիսին են ազնիւ խօսք մը, շնորհալի արարք մը, քնքոյշ ժպիտ մը։ Այս բոլորին արդիւնքը կ՛անդրանցնի մեր մարդկային չափանիշերը։

Մեր Տէրը կ՚ակնկալէ որ գործնապէս օգտուինք Անոր փոխանցած այս պարզ, սակայն հոյակապ ուսմունքէն, արժեւորելով փոքր բաներու կարեւորութիւնը։ Շնորհակալ ըլլանք Ամենակալ եւ Ամենագէտ մեր երկնաւոր Ուսուցիչին, որ այս բոլոր բաները կը յայտնէ մեզի՝ Սիրոյ մղումով, եւ երբեք առիթը չկորսնցնեք եւ չհրաժարինք բարի փոքր բաներ կատարելէ։ Արդարեւ, Աստուած մեր սրտերուն կը նայի եւ չի տարուիր արտաքին շպարներէ, եւ համապատասխան կերպով կը վարձատրէ մեզ այս եւ յաւերժական կեանքի բարիքներով։

Այս յստակ հասկացողութեամբ օգտագործենք իւրաքանչիւր առիթ իրարու համար լաւ մտածումներ ունենալու եւ գործեր կատարելու համար, անկախ չափէն ու կշիռքէն, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնըւ։ Ամէն։