Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴՈԿՏ. ՆԻՔՈՍ ԼԻԿԵՐՈՍԸ

Երկուշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց այցելութիւնը դոկտ. Նիքոս Լիկերոսի՝ աշխարհաքաղաքականութեան խորհրդատու եւ Լիոնի համալսարանի (Ֆրանսա) հետազօտող, որուն կ՚ընկերանային իր քարտուղարուհին՝ Վասիլիքի Ցացապա, լրագրող Տիմիթրիս Ֆիլիփիտիս եւ պրն. Տիմիթրիս Չացիս։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, արծարծուեցան Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ կացութիւնը եւ Սփիւռքի բերելիք դրական ներդրումը։