ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՕՅԱՃԵԱՆ (մահ՝ 13 Հոկտեմբեր, 1966)
Եդուարդ Պօյաճեան՝ ստեղծագործական իր ուժերու լիութեան մէջ մահացած լիբանանահայ բանաստեղծն ու արձակագիրը, 1940-1960ական թուականներուն սփիւռքահայ գրականութեան յայտնի անուններէն մէկը եղած է։
Ծնած է 9 Ապրիլ, 1915ին, Մուսա լերան շրջանի Խտըր Պէկ գիւղը։ Երեք ամսու նորածին մըն էր, երբ շրջակայ գիւղերու հայութիւնը բարձրացաւ լեռ՝ յաղթական ինքնապաշտպանութեամբ դիմադրելով թուրք պետութեան յարձակման եւ փրկուելով ցեղասպանութենէ։
Մանկութեան չորս տարիները անցուցած է Փորթ Սայիտ, Եգիպտոս, վրաններու տակ, ուր ֆրանսական փրկարար ռազմանաւերը փոխադրած էին Մուսա լերան ժողովուրդը։ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, ընտանիքը վերահաստատուած է Խտըր-Պէկ, ուր ապագայ գրագէտը ստացած է իր նախնական կրթութիւնը՝ ծննդավայրի եւ հարեւան Օղուն-Օլուք գիւղի համեստ վարժարաններուն մէջ։
1930ին, ուսումնատենչ պատանին ղրկուած է Պէյրութ, Համազգայինի նորաբաց Հայ Ճեմարանը, ուր ստացած է իր երկրորդական կրթութիւնը։ 1932ին, տակաւին աշակերտ, սկսած է աշխատակցիլ ժամանակի հայ մամուլին՝ Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին, «Յառաջ» (Փարիզ) եւ «Ազդակ» (Պէյրութ) օրաթերթերուն։
1935ին, նետուած է ուսուցչական ասպարէզ՝ յաջորդ երեք տասնամեակներուն նուիրուելով նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարութեան գործին։ Գործած է Սուրիոյ Թէլ Ապեատ գիւղին, ծննդավայր Խտըր-Պէկի, Այնճարի, Հալէպի, Քեսապի եւ Պէյրութի մէջ։ Ուսուցչական իր ծառայութեան զուգահեռ, Եդուարդ Պոյաճեան գրական-ստեղծագործական աշխատանքը զարգացուցած է, աշխատակցելով «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ին, «Նայիրի»ին, «Հասկ»ին, «Ակօս»ին եւ «Ազդարար»ին։ 1962ին, մաս կազմած է «Բագին» ամսագրի հիմնադիր խմբագրութեան՝ Կարօ Սասունիի եւ Պօղոս Սնապեանի հետ։
Ուսուցչական սպառիչ գործունէութեան զուգահեռ, անընդհատ արտադրած է։ Բանաստեղծական, արձակ, վերլուծական գործեր ու գրադատական էջեր կը մնան ցրուած մամուլին մէջ։ 1944ին լոյս ընծայած է իր առաջին հատորը՝ «Սէր եւ վիշտ», որուն յաջորդած են «Հողը» (1948), «Պայքարողներ, պայքարողներ դուք գազազած» (1958), «Թուղթ զաւակներուս» (1961), «Տոմար տարագրի» (1963) եւ «Երկու նամակ» (1964) գործերը։ Եղած է հայրենի կորուսեալ հողին ու անով շաղախուած մարդիկը, անոնց ազգային ու տոհմիկ արժէքները ինքնատիպ կերպով վեր հանող գրագէտը։
Պօյաճեան մահացած է 13 Հոկտեմբեր, 1966ին, 51 տարեկանին, Պէյրութի մէջ։ Մամուլի տակ ունէր «Դէմքեր» հատորը։ Յետմահու լոյս տեսած են ուրիշ հատորներ՝ «Երկեր. Ա. հատոր» (1968), «Ծննդավայր կորուսեալ» (1984), «Ընտրանի» (1994), «Կեանքի ափերէն» (1995) եւ «Դուն» (2005)։ Երեւանի մէջ Եդուարդ Պօյաճեանի անունը կը կրէ հանրային դպրոց մը, որ կը գտնուի Ազգային Առաջնորդարանի «Եդուարդ եւ Արաքսի Պօյաճեան» հիմնադրամի հովանաւորութեան տակ։