ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) ուտելիքներու տարեկան տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 15 Հոկտեմբերին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։
Գեղեցիկ օդը սատարեց ձեռնարկի մեծ յաջողութեան, որուն ղեկավարութիւնը ստանձնած էին Արիս Խաչատուրեան եւ Կարօ Թաշճեան։ Հարրի Պետրոսեան եւ իր նուագախումբը ապահովեցին երաժշտական բաժինը, իսկ Համազգայինի «Արցախ» նորակազմ պարախումբը իր առաջին հրապարակային ելոյթը ունեցաւ համավարակէն ետք։