Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍԻՊԻԼ (ծնունդ՝ 21 Հոկտեմբեր, 1863)

Զապէլ Ասատուր, որ աւելի ծանօթ է Սիպիլ գրչանունով, կնոջական գրականութեան կարկառուն ներկայացուցիչ դարձած է պոլսահայ իրականութեան մէջ, 19րդ դարավերջին եւ 20րդի սկզբնաւորութեան, միաժամանակ կրթական մշակի եւ կիներու հանրային դերակատարութեան մէջ իր ուրոյն վաստակը դիզելով։

Բուն անունով՝ Զապէլ Խանճեան, ծնած է 21 Հոկտեմբեր, 1863ին, Կ. Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տան մէջ, մասնաւոր ուսուցիչներու խնամքին տակ։ Յետոյ յաճախած է Ս. Խաչ վարժարանը եւ Սկիւտարի ճեմարանը, զոր աւարտած է 1879ին։ Նոյն թուականին հիմնած է Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութիւնը, նպատակ ունենալով Պոլսոյ եւ յատկապէս հայկական գաւառներու մէջ դպրոցներ բանալ հայ աղջիկներու համար։ Այդ ընկերութիւնը գործած է ամբողջ քսանամեակ մը, հոգալով նաեւ աշակերտուհիներու կրթաթոշակը, իսկ վերջին տարիներուն՝ որբերու հոգատարութիւնը ստանձնելով։

1881ին, Սիպիլ ամուսնացած է փաստաբան Կարապետ Տոնելեանի հետ եւ միասին մեկնած են  հայկական գաւառները, մօտէն թափ տալու աղջկանց վարժարաններու ստեղծման, ինչպէս նաեւ ընդունակ հայ պարմանուհիներուն կրթաթոշակով ապահովելու աշխատանքին։ Դասաւանդած է նախ գաւառներու, ապա՝ Պոլսոյ վարժարաններուն մէջ։  Գրական-հանրային գործունէութիւնը շարունակած է համիտեան բռնատիրութեան տարիներուն. 1898ին Գրիգոր Զօհրապի եւ Հրանտ Ասատուրի հետ վերահրատարակած է «Մասիս» շաբաթաթերթը։ Այդ տարիներուն, արդէն զգացական կապ հաստատած էր Հ. Ասատուրի հետ, որուն հետ ամուսնացած է 1901ին, ամուսնոյն մահէն տարի մը ետք։

Սիպիլ յայտնի դարձած է գրական շրջանակներուն 1880 թուականներու վերջերուն, «Մասիս» եւ «Հայրենիք» պարբերականներուն մէջ հրատարակած չափածոյ եւ արձակ գործերով։ 1891ին լոյս տեսած «Աղջկան մը սիրտը» վէպը՝ Օր. Ալիս կեղծանունով, թէեւ վիպագրական արուեստի դիտանկիւնէն մեծ արժէք չէր ներկայացներ, իր շօշափած ընկերային հարցերով, յատկապէս հայ կնոջ ազատագրութեան վերաբերեալ, կարեւոր գործ մը նկատուած է։ 1902ին հրատարակած է «Ցոլքեր» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, արդէն իր Սիպիլ գրչանունով։ Սիրոյ, հայրենիքի, ընդհանրապէս մարդկային նուրբ զգացումներու արտայայտութեամբ, Սիպիլ շարունակած է արեւմտահայ վիպապաշտ աւանդութիւնը։

Գրած է նաեւ մանկավարժական յօդուածներ եւ մանկական բանաստեղութիւններ։ Կազմած է «Գործնական քերականութիւնը արդի աշխարհաբարի» (1897) դասագիրքը, որ Հրանտ Ասատուրի աշխատակցութեամբ բարեփոխուած եւ բազմիցս վերահրատարակուած է։ Ասատուր ամոլը նաեւ կազմած է «Թանգարան» ընթերցարանը, որ նաեւ ունեցած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ։

Մեծ Եղեռնէն ետք, Սիպիլ շարունակած վառ պահել իր հանրային հետաքրքրութիւնները, բայց կեանքի վերջին տարիներուն, կաթուածահար եղած ու անկողնին գամուած է։ Մահացած է 19 Յունիս, 1934ին, Պոլսոյ մէջ։