ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13-ին, Մոնթրէալի «Կէօնճեան» կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Կոստան Զարեանի «Կղզին եւ մի մարդ» եւ Լօրընս Տառելի «Պրոսպերոյի Կղզին» զոյգ գործերուն միացեալ հրատարակութեան շնորհահանդէսը, որուն մասնակցեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ եւ գրքի խմբագիր՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Գրքի հրատարակութիւնը նախաձեռնութիւնն էր Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան «Օշական» մատենաշարի հրատարակչական հիմնադրամի խմբագրական կազմին, որուն անդամներէն գրականագէտ դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան եւ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան խօսք առին ձեռնարկին ընթացքին։
Դոկտ. Մատթէոսեան, որ 30 տարիներէ ի վեր ընդարձակ աշխատանք կատարած է Կ. Զարեանի կեանքի եւ գրականութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ, եւ հեղինակ է անոր մասին Սփիւռքի մէջ լոյս տեսած առաջին մենագրութեան (1998), այս նոր հատորին մէջ ներկայացուցած է Զարեանի եւ Լ. Տառէլի փոխյարաբերութեան թղթածրարը, նիւթերու մանրամասն ծանօթագրութեամբ։
Ասիկա Վ. Մատթէոսեանի այս տարի լոյս տեսած չորրորդ գիրքը է, որուն նախորդած են երկու անգլերէն հատորները՝ “The Politics of the Armenian Genocide: Language, History, and ‘Medz Yeghern” եւ “A Woman of the World: Armen Ohanian, the ‘Dancer of Shamakha’” (Արծուի Բախչինեանի հեղինակցութեամբ), եւ Օրորա Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» Մեծ Եղեռնի վկայութեան սպաներէն նոր թարգմանութիւնը։