Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ՝ ԵՐԿՐԱՒՈՐԷՆ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 16 Հոկտեմբեր)

Այսօր, Սուրբ Խաչի Վերացման տօնի վեցերորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը նշուած է Ղկ 4.14-23։ Յիսուս Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ կը վերադառնայ Գալիլիա եւ կ՛ուսուցանէ։ Համաձայն իր սովորութեան, Շաբաթ օր մը սինակոկ կ՛երթայ Նազարէթի մէջ։ Երբ Զինք կը հրաւիրեն օրուան ընթերցումը կատարելու, Ան կը կարդայ Եսայի մարգարէի հետեւեալ հատուածը․ «Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամանակը, երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը»։

Հին Կտակարանէն մէջբերուած եւ Նոր Կտակարանի մէջ եւս տեղ գտած այս մարգարէութիւնը կը բնորոշէ ո՛չ միայն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը, այլ նաեւ մշտական պատգամ մը կը բերէ բոլոր անոնց, որ կը հետեւին Անոր քայլերուն։ Քանի մը մտածումներ կը բաժնեկցիմ հիմնուելով առաջին նախադասութեան վրայ՝ «Յիսուս Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ վերադարձաւ Գալիլիա»։

ա. Չորրորդ գլխուն մէջ աւետարանիչը նշանակալից կերպով կը շեշտէ Սուրբ Երրորդութեան երրորդ Անձին ներկայութիւնը մեր Տիրոջ Փրկագործութեան առաքելութեան կապակցաբար, արձանագրելով, թէ Յորդանան գետին մէջ Մկրտութենէն ետք «Յիսուս Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ լեցուած՝ վերադարձաւ  Յորդանանէն։ Ապա Սուրբ Հոգիին կողմէ առաջնորդուած՝ գնաց անապատ» (4.1):

բ. Այս հաստատումը, թէ Յիսուս Մկրտուելէն ետք «Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ լեցուած» վերադարձաւ Յորդանանէն, ապա «Սուրբ Հոգիին կողմէ առաջնորդուած» գնաց անապատ, եւ դարձեալ Փորձութենէն ետք, Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ վերադարձաւ Գալիլիա (4.14), խիստ կենսական է ըմբռնելու Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն։ Ի զուր չէ որ միեւնոյն գլխուն մէջ Աւետարանիչը երիցս կ՛ոգեկոչէ Սուրբ Հոգին որպէս մղիչ ոյժը Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան սկիզբին եւ ամբողջ առաքելութեան ընթացքին։ Այս հաստատումով, ան մեզ քաջատեղեակ կը դարձնէ, թէ Յիսուս Քրիստոս որպէս կատարեալ Աստուած եղաւ կատարեալ մարդ, եւ որպէս այնպիսին Ան ուսուցանեց եւ հրաշքներ գործեց Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ։

գ. Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Միածին Որդին եւ Աստուծոյ կատարեալ Մարդու որդին, լիուլի կատարելով երկնաւոր Հօր պատուիրանները, սորվեցուց մեզի թէ Մկրտութեամբ երբ վերստին ծնինք, մենք եւս Սուրբ Հոգիով կը լեցուինք, եւ ի հետեւումն Աստուծոյ կողմէ մեզի ձրի պարգեւուած Շնորհքին, մեր կեանքին մէջ որեւէ փորձութիւն դիմակալելէ առաջ, ընթացքին կամ աւարտին, պէտք է վստահ ըլլանք, թէ որպէս Աստուծոյ տաճարը, միշտ լեցուած ենք Սուրբ Հոգիով։ Այս հաւատարմատ գիտակցութիւնը, թէ Սուրբ Հոգին միշտ մեր հետ, մեր մէջ է, խիստ կարեւոր է, եւ Աստուծոյ այս Շնորհքին հանդէպ պէտք չէ անտարբեր մնանք։ Չարը մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին պիտի փորձէ մեզ այս գիտակցութենէն հեռացնել, սակայն որպէս հաւատարիմ հետեւորդները Քրիստոսի, երբ հաստատ մնանք Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ, անտարակոյս կը վայելենք Ամենակալին հետ համագործակցութեան բարիքները ժամանակի մէջ ե՛ւ անդին։

դ. Սուրբ Հոգիով եռեակ փորձառութիւններէ ետք, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս երբ կարդաց Եսայի մարգարէի վերեւի հատուածը, Ան ո՛չ միայն Իր անձին ընդմէջէն լրումը յայտարարեց այդ կանխագուշակումին, այլ ի յառաջագունէ ամենայն հանդիսաւորութեամբ յայտարարեց եւ խոստովանեցաւ, թէ Իր առաքելութիւնը համահունչ է Արարիչին տիեզերական ծրագրին։ Սուրբ Հոգիով առաջնորդուած եւ Ամենակալ Արարիչին ու երկնաւոր Հօր անսասանելի Տնօրինութիւնը ո՛չ մէկ ոյժ կրնայ շեղեցնել, ներառեալ այս աշխարհի ստեղծուած Իշխանը, որ չարաշահելով իրեն վստահուած զօրութիւնը, ապստամբեցաւ իր Ստեղծիչին դէմ։ Այս ձեւով, երկնաւոր Ուսուցիչը Իր օրինակով մեզի սորվեցուց որ գիտակից ըլլանք, թէ մե՛նք եւս առաքելութիւն ունինք սիրող ու հոգատար Հօր կողմէ մեզի վստահուած, անկախ այն իրողութենէն, թէ որքան փոքր է կամ մեծ։

ե. Գառն Աստուծոն (1.36), ինչպէս որ Փրկագործութեան իր սրբազան առաքելութեան սկիզբը յայտարարեց, թէ Սուրբ Հոգիով միշտ կ՛առաջնորդուի, նմանապէս ամէն անգամ երբ հրաշք գործեց, առիթը չկորսնցուց երկինք նայելով Երկնաւոր Հօր շնորհակալութիւն յայտնելու, մեզի սորվեցնելով որ Սուրբ Երրորդութեան մէջ ներդաշնակութիւնը կատարեալ կերպով կը գործէ։

Այսօրուան Աւետարանի օրհնեալ ուսուցումով, բոլորս ալ խոնարհաբար աղօթենք եւ խնդրենք Սուրբ Հոգիէն, որ վեստին ծնաւ մեզ Սուրւբ Աւազանէն, միշտ մեզ լիցքաւորէ, եւ ինչպէս սաղմոսասացը կ՚ըսէ՝ «առաջնորդէ մեզ արդարներու երկիրը», յաւիտենական կեանք, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։