Կաթողիկոսարանէն

ՎԵՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆ ԿՐԵԼՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱՆ

Հանդիսապետութեամբ եւ տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 16 Հոկտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. Պատարագին, հինգ երիտասարդ միաբաններ ստացան վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները՝ ձեռամբ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանին։

Եկեղեցւոյ ատեանին մէջ, Շահան Սրբազանը ընծայեալներուն հաւատքի քննութիւնը կատարեց։ Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան, Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան, Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան, Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան եւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պրիխանեան ծնրադիր շրջապատած ձեռնադրիչ սրբազանը՝ նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածներն ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով հայրապետներուն։ Ապա, հինգը միասնաբար արտասանեցին Հաւատոյ Դաւանանքը։ Վարդապետական չորս աստիճաններու ստացումով, ընծայեալները նորոգեցին իրենց ուխտը հոգեւոր ծառայութեան եւ խոստացան ամբողջանուէր քարոզել Տիրոջ Աւետարանը՝ մեր ժողովուրդի փրկութեան համար:

Արարողութեան աւարտին, Շահան Արք. յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Ս. Աթոռիս ազգընտիր հովուապետին, որուն տնօրինութեամբ ու նախագահութեամբ օր մը առաջ տեղի ունեցած էր վարդապետական աւարտաճառերու պաշտպանութիւնը եւ այսօր, դարաւոր մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, կը կատարուի աբեղայական կուսակրօն քահանայութենէն ետք, Տիրոջ խօսքը քարոզելու համար վարդապետական չորս աստիճաններու շնորհում։ Սրբազան Հայրը, մեկնելով Պօղոս Առաքեալի խօսքէն, թէ «ամօթ չեմ համարեր Աստուծոյ Աւետարանը քարոզել, որ Աստուծոյ զօրութիւնն է եւ որ կը փրկէ ամէն հաւատացող» (հմմտ. Հռ 1.1, 16), բացատրեց Աւետարանի փրկագործական նշանակութիւնը, ընդգծելով. «Տիրոջ խօսքը նոյնինքն Տէր Աստուածն է, Իր Արքայութիւնը, Տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ մարդկութեան Փրկիչը, Տիրոջ փառքն ու շնորհքն է, Տիրոջ լոյսն ու մեր յոյսն է»: Ան թելադրեց հոգեշնորհ վարդապետներուն վայել ձեւով ապրիլ Աւետարանի ճշմարտութիւնը եւ հաւատքով համարձակօրէն քարոզել, ուսուցանել, պայքարիլ եւ կեանքը զոհաբերել։

Ս. Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը վեհարանին մէջ ընդունեց հայ եկեղեցւոյ նորընծայ վարդապետները եւ փոխանցեց իր հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան նոյն օրը վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն ստացաւ իր ծառայութեան կոչուած թեմի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ (Գանատա), ձեռամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։