Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ «ՍՓԻՒՌՔԻ ՁԱՅՆԸ»Ի ՀԵՏ

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հարցազրոյց մը ունեցաւ «Սփիւռքի Ձայնը» հեռատեսիլի յայտագրի վարիչ տիկ. Կարինէ Քոչարեանի հետ։ Հարցազրոյցի ընթացքին, արծարծուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւնը, յատկապէս անոր հաստատման 65ամեակի յառաջիկայ տօնակատարութեան ծիրին մէջ։ Հարցազրոյցը կարելի է դիտել սեղմելով այստեղ։