Մեր ծուխերէն

ՀՐԱՅՐ ԲԱԶԷԻ ԵՐԿՈՒ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 23 Հոկտեմբերին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեան ներկայացուց իր վերջին երկու գիրքերը՝ “Artsakh: The Photographer’s Eye” եւ “Armenia Heaven on Earth”։ Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, ներկայացուց հիւրը։

Հրայր Բազէ լուսանկարած է Հայաստանի, Արցախի, Ղրիմի, Իրանի, Լիբանանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Սուրբ Տեղերու մէջ։ Ան նկարագրեց իր բազմաթիւ ճամբորդութիւններու աշխարհի շուրջ վերջին երեսուն տարիներուն եւ հիւրերուն հետ բաժնեկից եղաւ իր նկարներուն, մեր մշակոյթի ու ժառանգութեան շուրջ իր ուրոյն տեսանկիւնը ներկայացնելով։

Գիրքերու ներկայացման աւարտին, լուսանկարիչը մակագրեց իր հատորները։