Featured, Մեր դպրոցներէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ «ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ԵՐԳԱՐԱՆ»Ը

Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդի հովանաւորութեամբ լոյս տեսաւ մանկապատանեկան «Ձայնագրեալ երգարան»ը։

Հրատարակութեան գաղափարը ծագում առաւ գլխաւորաբար մանուկներուն ու պատանիներուն երգի նոյն պաշարով հարստացնելու նպատակով, հաւատալով որ այդ իր հետ կը բերէ հոգեկան այլ կապ մը։  Երգարանը յղացուած է այն մտահոգութեամբ, որ ուսուցիչները պատրաստ երգեր ունենան իրենց տրամադրութեան տակ տարբեր առիթներու համար։

Ասիկա արդէն Ուս. Խորհուրդի երկրորդ հրատարակութիւնն է, ուր որդեգրուած են, ժամանակագրական կարգով, տարեկան օրացոյցի տարբեր տօներն ու առիթները իբրեւ կառոյց՝ սկսած վերամուտէն մինչեւ ամառ։ Նախապէս այս ձեւով լոյս տեսած էր Let’s Chat 4 զրուցատետրը։

Իւրայատկութիւն մը եւս ունի գրքոյկը. իւրաքանչիւր երգի կողքին գոյութիւն ունի QR code-ը, որպէսզի օգնէ եղանակը գտնելու նոյնիսկ երաժշտական ձայնանիշերուն ծանօթ չեղողներուն։

Երգերու ընտրութիւնը կը պատկանի վաստակաւոր խմբավար տիկին Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին, որ նաեւ հեղինակային երգեր տրամադրեց՝ «Աշուն»ն ու «Իմ Մայրիկ»ը, եւ կատարեց նոթագրումը մեծ փունջ մը երգերու, որոնք տակաւին իրենց ձայնանիշերը չէին ունեցած, եւ մնացեալ երգերուն ձայնափոխումը եւ պատշաճեցումը։ Պրն. Ճորճ Արապաթլեան կատարեց նոթագրութեան թուայնացած օրինակի պատրաստութիւնն ու հայթայթեց ձայնային օրինակի հայթայթումը։

Օրինակներ կարելի է ապահովել Առաջնորդարանի գրախանութէն սեղմելով այստեղ կամ գրելով books@armenianprelacy.org հասցէին։ Գիրքին գինը 15 տոլար է, իսկ դպրոցներու համար՝ 10 տոլար: