Հ. ՂԵՒՈՆԴ ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ (ծնունդ՝ 28 Հոկտեմբեր, 1817)
Հ. Ղեւոնդ Յովնանեան Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի ճիւղի բեղուն հեղինակներէն եղած է, որ յատկապէս կեդրոնացած է գրաբարի ու ռամկօրէնի ուսումնասիրութեան վրայ։
Ծնած է Պոլսոյ Բերայի թաղամասը, 28 Հոկտեմբեր, 1817ին։ Եղբայրն էր ուրիշ բեղուն վիեննական Մխիթարեանի մը ՝ Հ. Պօղոս Յովնանեանի։ Ուսումը ստացած է Ղալաթիոյ Սէն-Պընուա ֆրանսական վարժարանին մէջ, իսկ 1836-1838ին՝ Վիեննայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ 1838ին անդամակցած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան, իսկ 1840ին քահանայ ձեռնադրուած է։
Միաբանութեան մէջ վարած է տպարանապետի պաշտօնը (1846-1854)։ Այնուհետեւ մեկնելով Պոլիս, վիեննական Մխիթարեան վարժարանի վարիչի օգնական եւ ուսուցիչ եղած է (1857-1867)։ Հմուտ թրքագէտ, 1868-1870ին թրքերէն լեզուի դասաւանդման օգնական դարձած է Վիեննայի Արեւելեան ճեմարանին մէջ։ 1876-1887ին վերստին վարած է տպարանապետի պաշտօնը Մխիթարեան վանքին մէջ։
Տիրապետած է յունարէնին, լատիներէնին, գերմաներէնին, ֆրանսերէնին, արաբերէնին եւ այլն։ Միաբանակիցներ Հ. Յովսէփ Գաթրճեանի եւ Հ. Անտոն Գարագաշեանի հետ, Հ. Ղեւոնդ Յովնանեան 1840ական թուականներուն ոսկեդարեան հայերէնի յայտնաբերման շարժման պարագալուխներէն կ՚ըլլայ։ 5րդ դարու հայերէնի խոր հմտութիւնը յայտնի դարձած է Կոռնելիոս Նեպոսի «Վարք զօրավարաց անուանեաց» գործի թարգմանութեամբ (1842)։ Գրական բազմակողմանի գործունէութիւն ունեցած է, հրատարակելով այլեւայլ գործեր, ինչպէս «Գաղղիերէն քերականութիւն» (երեք հատոր, որ երեք անգամ կը տպագրուի, 1844-1875ին), «Խօսք վասն հայրենասիրութեան» (1849), «Պատմութիւն վարուց Մարտինոս Լուտերի» (1850), «Պատմութիւն քաղաքականութեան եւրոպական տէրութեանց» (4 հատոր, 1856-1860), «Ուսումն փիլիսոփայութեան կրօնի» (1885), եւայլն։
Սակայն, Հ. Յովնանեանի փայփայած մասնագիտութիւնը միշտ եղած է հայերէնը, մասնաւորապէս՝ գրաբարը։ Երկար ժամանակ զբաղած է Ոսկեդարու հայերէնի քերականութեան մը յօրինման գործով, չորս հատորով, զոր չէ աւարտած։ Փոխարէնը, կեանքի վերջին տասը տարիները նուիրած է ռամկօրէնի (միջնադարեան ժողովրդա-խօսակցական լեզուի) քերականութեան կազմութեան։ «Հետազօտութիւնք նախնեաց ռամկօրէնի վրայ» (մաս 1, տետր 1 եւ 2, 1897) գիրքին մէջ, ան հաւաքած է հայ հին գրականութեան մէջ հանդիպող ռամկօրէն հատուածները եւ աւելի ուշ շրջանի հայ հեղինակներու (Ներսէս Շնորհալի, Մխիթար Հերացի, Սմբատ Գունդստաբլ, Վարդան Արեւելցի, Մխիթար Գօշ եւ ուրիշներ) երկերէն նմոյշներ, ուսումնասիրած է զանոնք եւ, ըստ այնմ, հայերէնը բաժնած երկու շրջանի՝ «ռամկախառն գրաբար» եւ «գրաբարախառն ռամկօրէն»։ Գիրքի նախաբանին մէջ, Հ. Ղեւոնդ Յովնանեան հիմնաւոր փաստերով հաստատած է հայկական բարբառներու գոյութիւնը 5րդ դարուն եւ անկէ առաջ, եզրակացնելով, որ գրաբարը մշակուած է առօրեայ խօսակցական լեզուի հիմամբ։
Այս ուսումնասիրութիւնը եւս մնացած է անաւարտ։ Յովնանեանի անտիպ մնացած գործերուն շարքին կը յիշուին «Արաբերէնի ընտիր քերականութիւն»ը եւ «Ազգաց իրաւունք»։
Վախճանած է 26 Յունուար, 1897ին, Վիեննայի մէջ։