Առաջնորդարանէն

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ (ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼ) ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ 65ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 23 Հոկտեմբերին, Ուայթընզվիլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին իր հիմնադրութեան  65 ամեայ տօնախմբութիւնը սրբագործեց նորոգ սրբագործուած Սուրբ Միւռոնի դիմաւորումով։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց եւ յաւարտ Սուրբ Պատարագի կատարեց Ջրօրհնէք։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Kilbrae կեդրոնի (Լինքըն, Ռոտ Այլրնտ) շքեղ սրահին մէջ  120 ծխականներու ներկայութեան նշուեցաւ եկեղեցւոյ  65ամեայ տօնախմբութիւնը։ Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներէն ետք, կատարողութեամբ օր․ Թամար Քանարեանի, օրուան հանդիսավարը՝ տիար Ռիչըրտ Քանարեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով որ որպէս մեծ ընտանիք եկած էին իրենց հոգեւոր Տան տարեդարձը տօնելու։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Ճորճ Մարաշեան, ներկայացուց ծուխին միամեայ ամփոփ գործունէութիւնը, բարձր գնահատելով ծխականներուն անվերապահ աջակցութիւնը։  Սրբազան Հօր սեղանի օրհնութենէն ետք, ներկաները վայելեցին համադամ ճաշեր եւ այնուհետեւ  տիար Չարլզ Ամբակումեան ներկայացուց Նորթպրիճ քաղաքի (որուն կը պատկանի Ուայթընզվիլը) շնորհաւորագիրը, իսկ Մէսէչուսէթսի նահանգային ներկայացուցիչ Տէյվիտ Մուրատեան՝ նահանգի Ներկայացուցիչներու Տան եւ նահանգապետ Չարլզ Պէյքըրի շնորհաւորագիրները եկեղեցւոյ տարեդարձին առթիւ։

Խմբական պատմական նկարէն ետք, Առաջնորդարանի գնահատագիրներ յանձնուեցան Գարոլ Պետրոսեանի՝ իր քառասնամեայ, եւ Վիվիըն Նիկրոյի՝ իր քսանամեայ բոլորանուէր ծառայութեան համար։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն․ Տէր Խոսրովեան իր սրտի խօսքը յայտնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ վեր հանեց ծխականներու լայն նուիրումը, խրախուսելով համայնքը, որ շարունակէ միասնաբար աշխատիլ, առանց նկատի ունենալու ծուխին չափը։ Տէր Հայրը այնուհետեւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի իր պատգամը տայ։ Սրբազան Հայրը սրտի խոր գոհունակութիւն յայտնեց, առաջին հերթին դիտել տալով այն իրողութիւնը, որ իր տեսակի մէջ եզական, ընտանեկան ջերմ տօնախմբութիւն մըն է, ուր կը մասնակցին ո՛չ թէ դասական հասկացողութեամբ չափահասներ ու տարեցներ միայն, այլ նաեւ նկատառելի թուով մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ։ Ան վեր առաւ գաղութին ինքնուրոյն դիմագիծը, որ է քրիստոնէական սիրով համախոհութիւնն ու գործակցութիւնը, առաջնորդութեամբ Սուրբ Հոգիին եւ ղեկավարութեամբ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան։

Տօնախմբութեան իրենց ներկայութեամբ խնդակից եղան Գերպ. Տ. Արտակ Ծ․ Վրդ. Արապեան՝ հոգեւոր հովիւ Ուստըրի Ս. Երրորդութին եկեղեցւոյ, Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն․ եւ երէցկին Տեպրա Նազարեան, Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն․ եւ երէցկին Մարկրէթ Ստեփանեան, տէր եւ տիկ. Յակոբ Ա. Սրկ․ Խաչատուրեան՝ ատենապետ Ազգային Վարչութեան, դատաւոր Սարգիս եւ տիկ. Թշոյեան, տէր եւ տիկ. Վարդան Մատթէոսեան՝ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ, եւ այլ անձնաւորութիւններ։

65ամեայ տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Միքայէլի «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» երգով։