ԽԱՉԻ ՓՐԿԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 23 Հոկտեմբեր
Այսօր, Հայց. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Սուրբ Խաչի Գիւտի տօնն է, զոր կը պարտինք Կոստանդիանոս կայսեր մօր՝ Հեղինէ մայր թագուհիին: 327ին ան Հռոմէն ուխտագնացութեան կ՚երթայ Երուսաղէմ միակ նպատակով՝ Խաչափայտը գտնել: Երկար փնտռտուքէ ետք, Յուդա անուն հրեայի մը օգնութեամբ կը գտնուին երեք խաչեր: Քրիստոսի խաչափայտի իսկութիւնը կը ստուգուի անով որ այդ պահուն յուղարկաւորներ կ՛անցնէին այդ տեղէն եւ երեք խաչափայտերը յաջորդաբար կը զետեղուին մեռեալին վրայ, որ անմիջապէս կեանքի կու գայ երբ վերջին խաչը կը հպի անոր մարմնին:
Եկեղեցւոյ հայրերը խորապէս կը մեծարեն Խաչը մեր Փրկագործութեան Տնօրինութեան շրջագծէն ներս։ Ըստ այնմ, հետեւեալ մտածումները կ՛ուզեմ բաժնել։
ա. Որեւէ բան գտնելը միշտ ուրախութիւն եւ ինքնավստահութիւն կը պատճառէ։ Կարգ մը գիւտեր ենթակային, իսկ ուրիշներ հաւաքական բարիքի կը ծառայեն։ Ոմանք ժամանակաւոր, իսկ ուրիշներ աւելի մնայուն նկարագիր կ՛ունենան։ Այս անկիւնէն դիտած, Խաչի գիւտը նիւթականի կողքին ունի նաեւ տարածք մը որ կ՛անդրանցնի մարդկային ամէն հասկացողութիւն։
բ. Խաչի գիւտը մեծ պատգամ կը բերէ մեզի. որեւէ ժամանակ երբ անանձնական եւ դրական ոգիով առաջնորդ մը ըլլայ, իր շուրջ կը հաւաքուին համակիրներ եւ երկնային օրհնութիւնը վրայ կը հասնի։ Թագուհիին նախաձեռնութիւնը խանդավառութիւն ստեղծելով Երուսաղէմի բնակիչներուն մօտ, Երկնայինին բարերար միջամտութեան արժանացաւ։
գ․ Հոգեւոր այս ուխտագնացութիւնը, որ հսկայական նուիրում կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական մեծ պատասխանատուութիւն, արդիւնք էր բոլորանուէր յանձնառութեան՝ գտնելու համար Խաչը որ ծառայած էր որպէս Սուրբ Սեղան, որուն վրայ անբիծ Գառն Աստուծոն զոհագործուեցաւ մեր փրկութեան համար։ Հեղինէ թագուհիին փնտռտուքը արարք մըն էր խարսխուած սիրոյ մէջ, հարազատ ՝ Խաչի խորհուրդին, որ Աստուծոյ սիրոյ արտայայտութիւնն է։
դ․Սուրբ Խաչի գիւտը տօնախմբելով, բոլորս հրաւիրուած ենք ընթանալու Սրբուհի Հեղինէի հետքերով, այս անգամ գտնելու մե՛ր անձնական խաչը։ Գտնել անձնական խաչը կը նշանակէ աստուածային սէրը միախառնել մեր կոչումին, առաքելութեան, պատասխանատուութեան, պարտականութեան եւ կամ որեւէ բարի գործի մէջ։ Աստուծոյ սէրը մեր առօրեային մէջ թարգմանելով կը նորոգուի մեր մէջ Աստուծոյ պատկերը, որով ստեղծուած էինք։ Անով կը զինուինք Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ, որուն ներգործութիւնը մեր հասողութենէն վեր է։ Որպէս արդիւնք՝ ո՛չ միայն յաջողութեան եւ ուրախութեան պարագաներուն, այլ նաեւ ամենէն ցաւալի եւ տագնապալի վիճակներու մէջ կը լսենք Խաչեալին ձայնը, որ կը շշնջայ. «Իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մտ 11.29-30)։ Յաւերժական Կենաց Ծառը՝ Խաչը, մշտաթարմացուցիչ ներոյժ կը ներարկէ մեր մէջ, որով կրնանք յաղթահարել աշխարին մեզի հրամցուցած բոլոր դառնութեանց, որոնք կը թունաւորեն մեր ողջ էութիւնը։
ե․ Գտնել անձնական մեր խաչը մեզ նաեւ գիտակից կը դառձնէ մեր գոյութեան, թէ անցաւոր ենք այս կեանքին մէջ, ուղեւորուելով դէպի մեր գերագոյն նպատակակէտը։ Որքան աւելի մեր կեանքը դիտենք Խաչի պրիսմակին ընդմէջէն, մեր տեսողութիւնը աւելի կը յստականայ, կը լուսաւորուի Աստուծոյ կողմէ մեզի պարգեւուած գիտութեամբ, որպէսզի վանենք Չարին կողմէ մեզի հրամցուած ունայնութիւնները։ Արդարեւ, ան չհրաժարեցաւ փորձելէ մեր Տէրը Անապատին մէջ քառասնօրեայ պահեցողութենէն մինչեւ Խաչին վրայ, Փարիսեցիներուն եւ Սադուկեցիներուն բերնով ըսելով, թէ «եթէ իրաւ Աստուծոյ Որդին ես, վար իջիր խաչէն, որպէսզի հաւատանք քեզի» (Մտ 27.40)։ Ահա թէ ինչու մշտական կերպով Խաչին վրայ Խաչեալէն ճառագայթող լոյսով պէտք է առաջնորդուինք, որպէսզի մենք եւս անշեղ կերպով ընթանանք, եւ մահուան ձորին մէջէն անցնելով ժամանենք Կենաց Կեանքի նաւահանգիստը։
Այսօրուան տօնախմբութեան պատգամով տոգորուած, անդադար պեղենք մեր հոգիները եւ մաքրազտենք ամէն բիծ։ Ինչպէս ամէն օր տարբեր ժամերու հայելիի մէջ նայելով կ՛ուզենք գեղեցկացնել զմեզ, եւ նուազագոյն վէրքն իսկ երբ նկատենք, կը փորձենք զայն իսկոյն բուժել, նոյնպէս մեր հոգեւոր առողջութեան համար Խաչի հայելիին մէջէն գտնելով մեր վէրքերը, պիտի կարենանք բուժել Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ, Որուն հետ սիրող Երկնաւոր Հօր եւ Գթառատ Միածին Որդիին կը վայելէ փառք եւ պատիւ։ Ամէն։