Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ (ՌԷՅՍԻՆ) 88ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Կիրակի, 30 Հոկտեմբերին, Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ծխականները եռեակ օրհնութիւններով բախտաւորուեցան։ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց եկեղեցւոյ 88րդ ամեակին առթիւ, դպիր ձեռնադրեց Փօլ Ֆրունճեանը, Արամ Պուչաքլեանը եւ Հայկ Պուչաքլեանը։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, գաղութը դիմաւորեց նորաօծ Սուրբ Միւռոնը։
Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Տիկնանց Միութեան պատրաստած համադամ ճաշի մատակարարումէն ետք, եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Ճան Պուչաքլեան բարի գալուստ մաղթեց ծխականներուն եւ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ներկայացուց։ Շաբաթօրեայ ու Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ղեկավարութեամբ Նորա Ֆրունճեանի ներկայացուցին հաճելի ծաղկեփունջ մը հայկական երգերու։ Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիրերու արժանացան Սիլվա Կարապետեան, տոքթ. Ռաֆֆի Կարապետեան, Աշոտ Վարդանեան եւ Սարգիս Պուչաքլեան։ Ապա, Արժպ․ Տ. Տարօն Աւ․ Քհն․ Ստեփանեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, խոր գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ հոգաբարձութեան ու ծխականներու անսակարկ ծառայութեան եւ աջակցութեան մասին։ Հուսկ ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց գաղութի համագործակցական ոգին։ Նշեց, թէ ինչպէս օրուան ձեռնադրութիւնն ու մանուկներու ելոյթը լաւագոյն ապացոյցն են այս փոքր գաղութին մէջ հայ հաւատքի եւ ինքնութեան շարունակականութեան, յոյսի տոկունութեան, ինչպէս նաեւ ապագայի նորանոր իրագործումներու յաջողութեան։
Տէր Հօր «Պահպանիչ»ով ու «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ եկեղեցւոյ 88րդ տարեդարձը։