Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՉԱՐԼԶ ԿԱՐԱՊԵՏ ՔԷՕՄԻՒՐԵԱՆԻ (6 Յունուար, 1928 – 25 Հոկտեմբեր, 2022)

Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ինչպէս եւ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները, ցաւով իմացան, որ Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, Ուոթըրթաունի մէջ (Մէսէչուսէթս) իր մահկանացուն կնքած է տեղւոյն Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ երկարամեայ ծխականներէն՝ պրն. Չարլզ Կարապետ Քէօմիւրեան, 94 տարեկանին։

Հանգուցեալը ծնած էր Գէմպրիճ (Մէսէչուսէթս), 6 Յունուար, 1928ին։ Համբարձում եւ Մարի (Պոյաճեան) Քէօմիւրեաններու հինգ զաւակներէն մէկն է։ Տեղւոյն դպրոցին մէջ իր ուսումը ստանալէ ետք, զինուորագրուած է ամերիկեան բանակին մէջ։ Գորէայի պատերազմի օրերուն, երկու տարի ծառայած է Գերմանիոյ մէջ, ուր հետեւած է համակարգիչներու ուսուցման ծրագրի մը։

Ամերիկա վերադառնալէ ետք, աշխատած է IBMի համար, իսկ 1955ին մտած է հարկային ծառայութեան մէջ (IRS), ուր մշակած եւ գործի դրած է մագնիսական երիզներու համակարգը թիւ 1099 հարկային ձեւաթուղթերու համար։ Երեք տասնամեակ աշխատելէ ետք հարկային ծառայութեան մէջ, աւելի քան երկու տասնամեակ աշխատած է իբրեւ հարկային խորհրդատու Bank of Bostonի համար։

Յունիս 1965ին, եկեղեցւոյ կազմակերպած ուխտագնացութեան ընթացքին, Չարլզ Քէօմիւրեան Պէյրութի մէջ հանդիպած է օր. Սիրվարդ Գէորգեանին, որուն հետ ամուսնացած է 10 օր ետք։ Վերադառնալով Ամերիկա, հաստատուած են Ուոթըրթաուն, ուր կազմած են երջանիկ բոյն մը եւ ունեցած երկու զաւակ՝ Տալիթա եւ Չարլզ Անդրանիկ։

Քէօմիւրեան ամոլը ամէն Կիրակի եկեղեցի յաճախած է, ուր Չարլզ երկար ժամանակ նաեւ ծառայած է բանկալի առջեւ։ Ծառայութեան ոգին զինք առաջնորդած է դառնալու Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ եւ ազգային երեսփոխան։

Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին՝ տիկ. Սիրվարդ Քէօմիւրեանին, զաւակներուն, թոռներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։