Առաջնորդարանէն

ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ՝ ՄԻ՛ՇՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԵՐ ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ ՈՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ազգային Առաջնորդարանի տպագիր ամսաթերթի՝ “Օutreach”ի Նոյեմբեր 1987ի առաջին էջը աւելի քան խօսուն է։ 35 տարի առաջ այս օրերուն, լիբանանահայ համայնքը ֆինանսական համատարած տագնապի ենթարկուած էր՝ 1975-1990ի քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ օրերուն։ Առաջնորդարանս, շնորհիւ մեր հաւատացեալներու անսակարկ աջակցութեան, երէկ եւ այսօր լիբանանահայութեան զօրավիգ կանգնած է ու կը կանգնի ամենատարբեր ձեւերով։ Լիբանանի հայ համայնքը հոգեւորականներ ու գրողներ, ուսուցիչներ ու արհեստաւորներ, վաճառականներ ու արհեստավարժ մասնագէտներ հայթայթած է ամերիկահայ համայնքին ու սփիւռքեան կեդրոններուն ամէնուրեք։

Սերունդ մը ետք, տարբեր հիմքերով, սակայն նիւթական ա՛լ աւելի տագնապալի վիճակի ենթարկուած է լիբանանահայութիւնը, եւ այս տագնապին ելքը անորոշ է։ Համայնքի պահպանումը նաեւ մե՛ր պատասխանատուութիւնն է։