Կիրակի, 6 Նոյեմբերին, Կլենվիուի Ամենայն Սրբոց եկեղեցին տօնախմբեց իր 79րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ պատարագեց ու քարոզեց Սրբազան Հայրը եւ կատարեց Ջրօրհնէք։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ 79ամեակի տօնախմբութիւն եկեղեցւոյ շքեղազարդ սրահին մէջ։ Սեղանի օրհնութենէն ետք, հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Ռաֆֆի Գրիգորեան, բարի գալուդտ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց տարեկան իրագործումներու ընդհանուր պատկերը, ապա հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ․ Պօղոս Ծ․ Վրդ․ իր խոր շնորհակալութիւնը յայտնեց վեցամսեայ հովութեան շրջանին գաղութին ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ քաջալերական օժանդակութեան համար։ Այս առթիւ, պարգեւատրուեցան եկեղեցւոյ բոլոր քոյր կազմակերպութիւնները գաղութի յառաջդիմութեան ի խնդիր իրենց անսակարկ ներդրումին համար։ Հուսկ ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն դրուատեց Հայր Սուրբը, որ որպէս նորանշանակ հոգեւոր հովիւ, կարողացած էր իր ամբողջանուէր ծառայութեամբ սիրաշահիլ գաղութի բոլոր տարրերը եւ աշխուժացնել ծխական կեանքը։ Ան մաղթեց որ համայնքը առաւել խանդավառութեամբ կազմակերպուի տօնախմբելու յառաջիկայ տարի եկեղեցւոյ 80ամեակը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան առթիւ։
«Պահպանիչ» աղօթքով ու խանդավառութեամբ վարակուած ներկաներու ցնծագին սրտերէն բխած «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ 79ամեակի տօնակատարութիւնը, բանալով առաջին էջը 80ամեակի տօնախմբութեան։