Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ 65ԱՄԵԱՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

1957 թուականին, Հիւսիսային Ամերիկայի Ազգային Առաջնորդարանի Երեսփոխանական Ժողովէն լիազօրուած խումբ մը ազգայիններ ափ առնելով Անթիլիաս, խնդրամատոյց եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Ա․ Կաթողիկոսին, որպէսզի Առաջնորդարանը Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի հովանաւորութիւնը վայելէր։

Խոհեմազարդ եւ հեռատես Հայրապետը, ըմբռնելով կացութեան ճակատագրական բնոյթը,  12 Հոկտեմբեր, 1957 թուակիր կոնդակով, հայրական ջերմ գուրգուրանքով օրհնութիւնը տուաւ ազգաշէն ու ծառայական այս առաքելութեան։ Պատշաճ է երջանկայիշատակ Վեհափառ Հայրապետի խօսքերը վերյիշել.

«Եւ ահա, Ձեր կրած բոլոր դառնութեանց եւ յուսախաբութեանց փոխարէն, եւ ի պսակումն Ձեր յոյսին, որ «ոչ երբեք ամաչեցուցանէ», Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կ՚ըսէ Ձեզի. «ընկալայց զմնացորդս ժողովրդեան իմոյ յամենայն երկրէ… եւ յարուցից հովիւս որ հովուեսցեն նոցա եւ ոչ եւս երկիցեն եւ ոչ եւս զարհուրեսցին եւ ոչ եւս լիցին անտես» (Երեմիա, ԻԳ 3-4)։ Եւ Մենք, որպէս Պետ այս բազմաչարչար Աթոռին, Մեր հոգեւորականի պարտականութեանց կատարման առթիւ, խոր հաւատքով եւ գիտակցութեամբ միշտ ըսած ենք եւ պիտի ըսենք. «Հոգի Տեառն ի վերայ իմ, վասն որոյ եւ օծ իսկ զիս, աւետարանել աղքատաց առաքեաց զիս. Բժշկել զբեկեալս սրտիւք, քարոզել զգերեաց թողութիւն եւ կուրաց տեսանել, կոչել ամ Տեառն ընդունելի եւ օր հատուցման Աստուծոյ մերոյ, մխիթարել զամենայն սգաւորս» (Եսայի, ԿԱ 1-2)։ Ուրեմն, «փոխանակ ամօթոյ ձերոյ՝ կրկին ուրախութիւն, եւ փոխանակ անարգանաց ձերոյ ցնծութիւն» թող ըլլայ, որովհետեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը զձեզ կ՚առնէ իր հովանիին ներքեւ ըստ ամենայնի»։

Անցնող վաթսունհինգ տարիներուն, Արեւելեան Թեմին Ազգային Առաջնորդարանը մեր ժողովուրդին իր անսակարկ ծառայութիւնը մատուցած ու բարգաւաճած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ։  Կը նշենք Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի բազմաբեղուն կեանքը Կիրակի, 20 Նոյեմբերին, գոհաբանական տօնակատարութեամբ։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, որուն պիտի հետեւի պաշտօնական տօնախմբութիւնը Terrace on the Parkի (Քուինզ) շքեղագոյն սրահին մէջ։ Ճիշդ ժամանակն է դէպի յառաջ նայելու՝ ապագայի տեսիլքով եւ նոր նուաճումներու ակնկալութեամբ։