Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

«ՄԻ՜ ՎԱԽՆԱՐ, ԱՅԼ ՀԱՒԱՏԱ՛»

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 6 Նոյեմբեր)

Այսօր, Սուրբ Խաչի Վերացման տօնի իններորդ Կիրակիի Աւետարանի ընթերցումը  Սուրբ Ղուկաս Աւետարանիչէն է (Ղկ 8.49-57): Օր մը, երբ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը քարոզէր, Յայրոս անունով ժողովրդապետը անոր մօտ գալով կը խնդրէ, որ իր միամօր դուստրը, որ ծանր հիւանդ էր, բժշկէ: Յիսուս կ՛ուշանայ  քարոզութեան եւ ճանապարհին այլ հրաշագործութեան պատճառաւ: Մինչ այդ, Յայրոսի տունէն ծառայ մը գալով կ՛իմացնէ աղջկան մահը: Քրիստոս, քաջալերելով սրտաբեկ հայրը, կ՛ըսէ անոր. «Մի՛ վախնար, այլ հաւատա եւ ան պիտի փրկուի»: Յայրոսի տունը հասնելով, Յիսուս կը մխիթարէ սգաւորները, ըսելով թէ աղջիկը չէ մեռած, այլ կը ննջէ: Ապա մտնելով սենեակ, իր երեք աշակերտներուն եւ ծնողքին հետ, աղջնակին ձեռքը բռնելով կ՛ըսէ՝ «տալիթա՛ կումի», որ կը նշանակէ՝ աղջիկ, ոտքի ելիր: Աւետարանիչը ամենայն մանրամասնութեամբ կը պատմէ , թէ ինչպէս աղջնակին հոգին դարձաւ , եւ ան անկողինէն ելաւ: Ապա Յիսուս ծնողքին կը պատուիրէ որ ուտելիք տան:

Իրերայաջորդ զոյգ զարմանազան հրաշքներով ճոխ այս հատուածը առաւել եւս մեզ կը հիացնէ կեանքի եւ մահուան առնչութեամբ Քրիստոսի կենսատու խօսքերով։ Առ այդ, հետեւեալ մտածումները կը բաժնեմ։

ա․ Մեր Տիրոջ յապաղումը՝ բուժելու ժողովրդապետին դուստրը, ինչ որ պատահեցաւ  իր շատ սիրելի բարեկամ՝ մահամերձ Ղազարոսի ժամանակ, դիտումնաւոր կամ ոչ, ակնկալուածէն աւելի բարենպաստ եղաւ։ Երբ Յիսուս կատարուած խնդրանքին շուտափոյթ կերպով պատասխանելու փոխարէն կը շարունակէ իր քարոզութիւնը, նախ մեզի կ՛ուսուցանէ Աստուծոյ Խօսքին կենսականութիւնը եւ առաջնահերթութիւնը։ Հիւանդութիւններ, նոյնիսկ մահը, ֆիզիքական մեր գոյութեան հետ առնչուած են, մինչ Աստուծոյ խօսքի զօրութիւնը կ՛անդրանցնի երկրաւոր բոլոր բարիքները։ Դարձեալ Քրիստոս ուզեց որ իր հետեւորդներն ու ժողովուրդը ականատես ըլլան ո՛չ միայն հիւանդի մը բժշկութեան, այլ իրենց երեւակայածէն շատ աւելի մեծ հրաշքի մը։ Հետեւաբար, երկու պարագաներուն ալ Աստուծոյ նախախնամութիւնը առաւել եւս բացայայտ դարձաւ։

բ․ Յիսուս իր խօսքը ուղղելով ժողովրդապետին, երբ ըսաւ՝ «մի՛ վախնար, դուստրդ պիտի ապրի», այս խօսքը դրական արձագանգն էր Իր յայտարարութեան, թէ «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 11․25)։ Հօր Աստուծոյ Միածին Որդին՝ Քրիստոս, որպէս ճշմարիտ Ուսուցիչ, Բժիշկ եւ մարդկային բնութեամբ մեր Եղբայրը, մեզի կը բերէ մեծագոյն պատգամը, թէ Ի՛նք որպէս Կեանքի Աղբիւրը միշտ պատրաստ է մեր ակնկալածէն աւելին մեզի պարգեւել՝ կեանքը իր ամբողջութեան մէջ, ներկայիս եւ ապագային։

Վստահաբար, բոլորս ալ հարազատի մը, մանաւանդ երիտասարդի մը վաղաժամ  մահը երբ դիմագրաւենք, կ՛աղօթենք, կը խնդրենք Երկնայինի միջամտութիւնը, եւ երբ մեր ակնկալութիւնը չարդարանայ, կը կասկածինք այս խօսքի ճշմարտութեան եւ մեր հաւատքը կը սկսի տկարանալ։

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խոստումը եթէ միայն երկրաւոր այս գոյութեամբ կ՛ըմբռնենք, իրաւ որ եղկելի ենք, որովհետեւ Աստուծոյ գերագոյն պարգեւին ամբողջական պատկերը չենք տեսներ։ Սուրբերու մարտիրոսութիւնը ամենէն տոկուն վկայութիւնն է, թէ երբ մահը անոնց կը սպառնար, անոնք ո՛չ թէ վախով ու կասկածով կը լեցուէին, ընդհակառակը՝ մահուան սպառնալիքը կ՛արհամարհէին, որովհետեւ հոգիի աչքերով կեանքը իր ամբողջութեան մէջ կը տեսնէին։

գ․ Բարի Վարդապետը աղջնակին կեանք շնորհելուն զուգահեռ, ծնողքին կը պատուիրէ որ ուտելիք տան իրեն։ Այս վերաբերումը բաւ է արդէն անդրադառնալու որ Աստուծոյ ծայր աստիճան հոգատարութիւնը մեզի հանդէպ մեր իմացումէն գերիվեր է։ Հրաշքին ստեղծած վախի, ապշանքի եւ ցնծութեան մթնոլորտին մէջ, ներկաներէն ոեւէ մէկը վստահաբար պիտի չմտածէր նման մանրամասնութեան մասին։ Եւ այս պարագան դարձեալ կու գայ հաստատելու Արարիչին աներեւակայելի խնամքը։ Արդարեւ, եթէ Տէրունական աղօթքին մէջ, Աստուծոյ սրբութեան, թագաւորութեան ու կամքին կատարումի աղերսանքէն անմիջապէս ետք, Քրիստոս մեզի սորվեցուց «զհաց մեր հանապազարդ»ը խնդրել, ասիկա գերագոյն ապացոյցն է որ Աստուած մեր հոգիի ու մտքի առընթեր, նաեւ մեր մարմնի առողջութեամբ եւ անոր կարիքներու մասին հոգատար է։

դ․ Աղջնակի ծնողքին տրուած ազդարարութիւնը, թէ ոեւէ մէկուն չպատմեն հրաշքը, երեւոյթ մը որ Յիսուս տարբեր առիթներով ալ կը կրկնէ, մտածել կու տայ թէ ի՞նչ է դրդապատճառը։ Վստահ, որ անոնք պիտի տարածէին այս անթաքչելի բարի լուրը, մանաւանդ որ Ինք եւս Քրիստոս սորվեցուցած էր, թէ «ո՛չ ոք ճրագը կը վառէ եւ կը պահէ կաթսայի տակ» (5.15)։ Արդեօք անգիտա՞կ էր Ամենագէտը, ո՛չ երբեք, այլ Ան դարձեալ կ՛ուսուցանէր, թէ մեր հաւատքը հրաշքներու վրայ պէտք չէ բարձրանայ, ընդհակառակը՝  արմատաւորուի Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքով, այլապէս ժայռի վրայ կամ փուշերու մէջ նետուած ցորենի հատիկի կը նմանի, որ շուտով կ՛ամլանայ (տե՛ս Մկ 4.14-20):

Կեանքի ամենէն զգայուն, ինչպէս նաեւ գործնական այս պատգամները լսելով, չուշանանք զանոնք օգտագործել մեր առօրեային մէջ, միշտ գոհութիւն եւ փառք տալով Ամենակալ Հօր Աստուծոյ, իր Փրկարար Միածին Որդւոյն եւ Կենդանարար Սուրբ Հոգւոյն հետ։ Ամէն։