Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ Ս. ԳՐՈՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 30 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Լիբանանի Ս. Գրոց Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար եւ գործադիր տնօրէն դոկտ. Մայքլ Պասուսի այցելութիւնը։ Տեսակցութեան ընթացքին, Ս. Գրոց Ընկերութեան գործունէութիւնն ու ընկերային օժանդակութեան ծրագիրները քննարկման նիւթ դարձան։