Առաջնորդարանէն

ԱՆՋՆՋԵԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐՈՎ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ազգային Առաջնորդարանի 65ամեակի տօնախմբութիւնը երկար ժամանակ պիտի ապրի մեր յիշողութեան մէջ։ Սոյն աննախընթաց ձեռնարկը առիթը տուաւ, որ յետադարձ հայեացք մը կատարենք՝ առաջին, մարտահրաւէրներով լեցուն շրջանի մը, մուտք գործելով էապէս տարբեր աշխարհի մը մէջ։ Աւելի կարեւոր է դիտել տալ, որ ան համախմբած է Թեմիս մեծ ընտանիքը՝ դէպի ապագան նայելու նորանոր աճի եւ զարգացման տեսիլքներով։ Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք յաւելեալ լուսանկարներ՝ Կիրակի, 20 Նոյեմբերին Terrace on the Parkի անմոռանալի պահերէն։