Առաջնորդարանէն, Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻԻ ՏՕՆԸ

Ազգային Առաջնորդարանի 65ամեակի տօնախմբութեան նոր լուսանկարներ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն, ինչ որ յարմար առիթ մըն է անդրադառնալու անցեալ 20 Նոյեմբերի ձեռնարկը կանխող  երկու տարիներուն։

17 Սեպտեմբեր, 2020ին հրատարակած էինք Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի ուղերձը Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին։ Առաջին անգամն էր, որ ժողովը տեղի կ՚ունենար առցանց, երբ պսակաձեւ ժահրի համավարակը մեր կեանքը ամբողջութեամբ տակնուվրայ կ՚ընէր։

Թէեւ այդ օրերը հեռաւոր կը թուին,  կարծես երէկ ըլլար։ Տարօրինակ բայց իրաւ. տասը օր ետք պիտի սկսէր 44օրեայ պատերազմը, որ ամբողջ հայ աշխարհը շրջեց։

Եւ սակայն, ինչպէս Ուիլիըմ Սարոյեան գրած է, երբ երկու հայեր կը հանդիպին, դարձեալ պիտի խնդան եւ նոր Հայաստան մը ստեղծեն։ Այդ ոգիով առաջնորդուած էր մեր համայնքը՝ Առաջնորդարանի 65ամեակի տօնակատարութեան։

Համավարակի սկիզբէն, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս իր դեղատոմսը բաշխած էր՝ «աղօթք, համբերութիւն եւ կանխազգուշութիւն»։ Ամենայն վստահութեամբ կրնանք վկայել այդ դեղատոմսի յաջողութեան մասին։

Սեպտեմբեր 2020ի իր ուղերձին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ղեկավարութեան հիմնական սկզբունքները ամփոփած էր՝ աստուածային ուղեցոյց, գործակցութիւն եւ նորարարութիւն։ Այս ընթացքով կը յառաջանանք, երբ Առաջնորդարանի գործունէութիւնը կը տանինք դէպի աւելի փայլուն ապագայ մը։