Սուրբեր

Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՍՔԱՆՉԵԼԱԳՈՐԾ

Շաբաթ, 9 Դեկտեմբերին, Հայց. Եկեղեցին կը յիշէ Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ Հայրապետը, որ 4րդ դարուն Լիկիոյ (Փոքր Ասիա) Զմիւռին քաղաքի եպիսկոպոսն էր։ Ան ուղղափառութեան ջերմ պաշտպան մըն էր եւ Սքանչելագործ մականունը ստացած է իր միջամտութեան վերագրուած շատ մը հրաշքներու պատճառով։ Գաղտնի կերպով առատօրէն նուէրներ բաշխած է, եւ այս պատճառով ոմանք զինք կը համարեն Կաղանդ Պապայի նախատիպարը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *