ԳՈՀԱՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 14 Դեկտեմբեր, 1924)
Գոհար Գասպարեան՝ «Հայաստանի սոխակը», հայ օփերային արուեստի մեծագոյն վարպետներէն մէկը եղած է, իր սոփրանոյի ձայնով գերելով հանդիսականները։
Բուն անունով՝ Գոհար Խաչատուրեան, ծնած է 14 Դեկտեմբեր, 1924ին, Գահիրէի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գալուստեան ազգ. վարժարանին մէջ։ Ինը տարեկանէն երգած է Գահիրէի հայկական եկեղեցւոյ մէջ։ Ուսումը շարունակած է Գահիրէի երաժշտական ակադեմիային մէջ, եւ նաեւ աշակերտած է Եգիպտոս բնակող եւրոպացի խմբավարներու, ինչպէս եւ յոյն դաշնակահար Ժորժ Թեմելիին։
1940ին, տակաւին ուսանող, ելոյթներ ունեցած է Գահիրէի մէջ։ Երգած է Եգիպտոսի ձայնասփիւռէն իբրեւ մեներգչուհի։ Ձայնասփիւռի ղեկավարութիւնը բացառութիւն մը կատարած է կանոնադրութեան, ըստ որուն միայն մեներգիչները մահմետական կրնային ըլլալ։ 1948ին հրաւէր ստացած է Միլանի «Լա Սկալա» հռչակաւոր օփերայի թատրոնէն, սակայն ան ո՛չ միայն մերժած է այդ առաջարկը, այլեւ նոյն տարին ներգաղթած է Հայաստանի իր առաջին ամուսինին՝ բանասէր Հայկ Գասպարեանի հետ։
1949 թուականին, Հայաստանի օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մեներգչուհի եղած է, 1951ին շահելով Հայաստանի պետական մրցանակը (երկրորդ անգամ շահած է 1965ին)։ Արդէն 1953ին ստացած էր Հայաստանի, իսկ 1956ին՝ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտի տիտղոսները։
1956ին ամուսնալուծուած եւ նոյն թուականին ամուսնացած է իր երբմնի աշակերտ եւ օփերայի երգիչ Տիգրան Լեւոնեանի (1936-2004) հետ։
Գոհար Գասպարեանի հարուստ երգացանկ մը ընդունած է՝ հայ, ռուս եւ արեւմտեան եւրոպացի երգահաններու գործերով, հոգեւոր ու ժողովրդաան երգերով, գումարելով աւելի քան 500 ստեղծագործութիւններ։ Բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Սպանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Հունգարիոյ, Թուրքիոյ, Պրազիլի, Ուրուկուայի, Արժանթինի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրանի եւ Խորհրդային Միութեան նախկին հանրապետութիւններուն մէջ։
1962-2007 թուականներուն դասաւանդած է Կոմիտասի անուան պետական երաժշանոցին մէջ (փրոֆեսորի տիտղոսը ստացած է 1973ին)։ Երեք անգամ ընտրուած է է Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի եւ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի երեսփոխան։ Երեւանի պատուոյ քաղաքացիութիւնը ստացած է 1984ին եւ Մեսրոպ Մաշտոց մետալը 1997ին։
Հռչակաւոր երգչուհին իր մահկանացուն կնքած է 16 Մայիս, 2007ին, Երեւանի մէջ, ուր քաղաք մը անոր անունով կոչուած է 2020ին։