«ՆԱՐԵԿ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Կիրակի, 18 Դեկտեմբերին, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նարեկ» վարժարանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան հանդէսը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի հովանաւորութեամբ։ Ներկայ էին Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետուհի՝ տիկ. Հերա Մախուլեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, ՀՕՄի «Ակնունի», «Շաքէ» եւ «Արմենուհի» մասնաճիւղերու եւ ՀՄԸՄ-Նիւ Ճըրզիի ներկայացուցիչները:
Սրահը լեցուն էր ծնողներով եւ աշակերտներու ընտանեկան պարագաներով, որոնք բացառիկ ու ճոխ հանդէս մը վայելեցին։ Աշակերտութեան տօնական հայաշունչ երգերը, հայրենսիրութեամբ լեցուն պարերն ու ասմունքը մեծապէս խանդավառեցին ներկայ բազմութիւնը: Իւրայատուկ էր մանկապարտէզի հայկական պարը եւ մանաւանդ նախակրթարանի Սասունի մարտական «Եարխուշտա» պարն ու քոչարին։ Անոնց աւարտին բարձր ծածանեցան Արցախի եւ Հայաստանի դրօշակները որպէս զօրակցութեան արտայայտութիւն մեր հայրենիքին: Ներկայ բազմութիւնը հպարտութեամբ եւ ծափահարութիւններով քաջալերեց նոր սերունդի հայրենասէր ոգին։ Կաղանդ Պապան բարձր գնահատեց այս աշխատանքը և բոլորին բաժնեց գեղեցիկ նուէրներ:
ՀՕՄի Արեւելեան ԱՄՆի Շրջանային Վարչութիւնը բոլոր աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին նուիրեց հայկական այբուբենով զարդարուած գեղեցիկ փոքրաչափ պարկեր՝ գրիչներու եւ այլ գրենական պիտոյքներու համար: Վարժարանիս Խնամակալ Մարմինը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ տնօրէնուհի տիկ. Մարինա Եագուպեանին եւ բոլոր ուսուցչուհիներուն, որոնք միասնական ջանքերով եւ անսակարկ նուիրումով կը վարեն «Նարեկ» վարժարանի ուսումնական ծրագիրը: