Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

Շաբաթ-Կիրակի, 17-18 Դեկտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի վերահանդիպման յայտագիր մը կազմակերպած էր Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Տասներկու աշակերտներ մասնակցեցան՝ Ուաշինկթընէն, Ֆիլատելֆիայէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն եւ Մէսէչուսէթսէն։ Այս վերահանդիպումը մանրանկար մըն էր ամառնային լսարանի մէկ շաբաթեայ ծրագրին։

Յայտագիրը կ՚ընդգրկէր կլոր սեղան մը՝ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն Լագիսեանի, եւ լսարանի ուսուցիչներէն տոքթ. Արի Սրկ. Նալպանտեանի մասնակցութեամբ։ Տէր Մեսրոպ առաջնորդեց աշակերտները Մայր Եկեղեցւոյ տարբեր բաժանմունքներէն, շեշտը դնելով Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած խորանին վրայ։ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, Ս. Գիրքի սերտողութիւն մը ներկայացուց։ Աշակերտները վայելեցին Նիւ Եորք քաղաքի տօնական մթնոլորտը, ներառեալ այցելութիւններ Ռոքեֆելըր կեդրոնի համբաւաւոր տօնածառին, Պրայընթ Փարքի եւ Ազգ. Առաջնորդարանին։ Շաբաթ երեկոյեան կարճ հսկումի մը մասնակցեցան, իսկ Կիրակի օր՝ Ս. Պատարագին։ Անոնք գիշերեցին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ սրահին մէջ։

Ս. Պատարագէն ետք, Մայր Եկեղեցին ճաշկերոյթ մը հովանաւորեց ի նպաստ «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանին, ուր հանգանակուեցաւ 3.500 տոլար։ Չորս «տաթեւացիներ»՝ Քաթրինա Արուեստեան, Թալին Լագիսեան, Անդրանիկ Թաթարեան եւ Փօլ Թաթարեան, տպաւորիչ վկայութիւններ տուին՝ «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի դերին մասին իրենց կեանքին մէջ։

Ազգային Առաջնորդարանը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանին եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան՝ հիւրասիրութեան, վերահանդիպման ծրագրի հովանաւորութեան եւ սրտաբուխ նուիրատուութեան համար։ Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք հետեւեալ նուիրատուներուն. Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւն, ՀՅԴ «Արմէն Կարօ» կոմիտէ, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղ, փրոֆ. Նիքլաս եւ Ժանին Իքոնոմիտէս, Արսէն եւ Կարինէ Կարապետեան, Անահիտ Գրիգորեան, Սերժ եւ Միրէյ Հաննա, Աւետիս եւ Անի Քէշիշեան, Թալին Լագիսեան եւ Լագիսեան ընտանիք, մեթր Արմէն Մորեան, Անդրանիկ Թաթարեան, Փօլ Թաթարեան եւ անանուն նուիրատուներ։ Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ տոքթ. Արի Սրկ. եւ Անի Նալպանտեանին, Թամար Լագիսեանին եւ Արամ Գույումճեանին, որոնք ծրագրի վերահսկիչներ եղան։