Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 1 ՅՈՒՆՈՒԱՐ Զ. ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՍՆԱԿԻ ԵՒ Գ. ՕՐ ՊԱՀՈՑ ԾՆՆԴԵԱՆ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 51.15-52.3

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 22:24-30

Աշակերտներուն մէջ վէճ ծագեցաւ թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի նկատուի մեծը: Յիսուս անոնց ըսաւ. 

Ազգերու թագաւորները կը տիրեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ եւ իշխողները բարերար կը կոչուին իրենց հպատակներուն կողմէ: Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս: Ո՞վ է մեծը. սեղան բազմո՞ղը թէ սպասաւորը: Անշուշտ որ սեղան բազմողը: Բայց ես ձեր մէջ սպասաւորի պէս եմ:

Դուք միշտ քովս մնացիք փորձութիւններուս ընթացքին, եւ ես ահա կը խոստանամ թագաւորութիւն տալ ձեզի, ինչպէս Հայրս ինծի տալ խոստացաւ: Իմ թագաւորութեանս մէջ իմ սեղանէս պիտի ուտէք ու խմէք եւ պիտի բազմիք գահերու վրայ՝ դատելու համար Իսրայէլի տասնըերկու ցեղերը:

 

ՆԱՄԱԿ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 13:18-25

Աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որովհետեւ համոզուած ենք թէ մեր խիղճը մաքուր է, եւ կ’ուզենք ամէն բանի մէջ ուղիղը գործել: Մանաւանդ կ’աղաչեմ որ աղօթէք ինծի համար, որպէսզի կարենամ աւելի շուտ ձեզի վերադառնալ:

Թող խաղաղութեան Աստուածը ձեզի կարողութիւն տայ՝ ամէն տեսակ բարեգործութեամբ իր կամքը կատարելու, որովհետեւ ի՛նքն էր որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, ան՝ որ իր արիւնով կնքուած յաւիտենական ուխտով Հովուապետ եղաւ ամբողջ հօտին: Աստուած ինչ որ կը կամենայ՝ թող ներգործէ մեր մէջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որուն փա՜ռք յաւիտեանս: Ամէն:

Եղբայրնե՛ր, կ’աղաչեմ որ լսէք այս կարճ նամակով տուած յորդորներս: Կ’ուզեմ որ գիտնաք, թէ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս, բանտէն արձակուած է հիմա: Եթէ շուտով մօտս գայ, միասին կու գանք ձեզ տեսնելու:

Ողջոյններս հաղորդեցէք ձեր բոլոր առաջնորդներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն: Իտալիայի եղբայրները կ’ողջունեն ձեզ:

Աստուծոյ շնորհքը բոլորիդ հետ ըլլայ: Ամէն: