Կիրակի, 8 Յունուարին, կազմակերպութեամբ St. Thomas Ecumenical Federation of North America եկեղեցական Խորհուրդին, Նիւ Եորքի Հնդիկ Մալապար եկեղեցիները հաւաքաբար նշեցին Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօները Լոնկ Այլընտի Սուրբ Թովմաս եկեղեցւոյ մէջ։ Շուրջ 12 պատանեկան, երիտասարդական ու չափահասներու երգչախումբեր ելոյթ ունեցան անգլերէն, ասորերէն եւ մայրենի՝ մալանքայամ լեզուով։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հրաւիրուած էր որպէս օրուան պատգամաբերը։ Սրբազան Հայրը նախ բարձրօրէն գնահատեց իրենց դարաւոր աւանդութեան փարած շուրջ հազարի հասնող ներկաները, ըսելով. «Ինչպէս դուք, մենք՝ հայերս եւս, հազարաւոր մղոններ անդին կը գտնուինք մեր Հայրենիքէն, բայց չենք հեռանար մեր Հաւատքէն, մեր աւանդութիւններէն, մեր ինքնութենէն»։ Ապա Սրբազան Հայրը յորդորեց որ ալեկոծ այս աշխարհին մէջ Սուրբ մսուրով յայտնաբերուած Մարդացեալ Սէր Աստուածը դառնայ առանցքը իւրաքանչիւրի առօրեային, որպէսզի կարենայ յաղթահարել կեանքի փոթորկոտ ալիքներուն եւ իր կարգին դառնայ փարոս բոլոր անոնց որոնք զրկուած են Կենաց Լոյսէն։
Հնդիկ Մալապար եկեղեցին մաս կը կազմէ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն, որոնց անդամ են Հայ, Ղպտի, Ասորի եւ Եթովպիոյ եկեղեցիները։ Հնդկաստանի քրիստոնեայ եկեղեցիին հիմնադիրը կը նկատուի Թովմաս Առաքեալ, որ աւանդաբար անցած է նաեւ Հայաստան աշխարհէն։