Առաջնորդարանէն

ՏՆՕՐՀՆԷՔ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Համավարակի երկու տարուան պարտադրանքէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանը վերսկսաւ հոգելոյս Առաջնորդ՝ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի հաստատած աւանդութիւնը՝ Ս. Ծննդեան հիւրասիրութիւնը եւ Տնօրհնէքը։

Ուրբաթ, 6 Յունուարին, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր, տեղի ունեցաւ  Տնօրհնէքի արարողութիւնը, զոր մատոյց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, որուն կ՚ընկերանային Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ, Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ արտահաս հովիւ, եւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքի տեսուչ։

Տնօրհնէքէն ետք, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս խօսք առաւ ներկաներուն եւ անդրադարձաւ սփիւռքեան կեանքի համընդհանուր վերանորոգման կարեւորութեան՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հռչակագիրներուն լոյսին տակ, ինչպէս եւ Վեհափառ Հայրապետի յառաջիկայ Հոկտեմբերին եւ Նոյեմբերին հովուապետական այցելութեան մեր Թեմին։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց զանացան հիւրերու՝ Առաջնորդարանին եւ ծուխերու հանդէպ ցոյց տուած աջակցութեան եւ նուիրումին համար։

Այնուհետեւ, ներկաները վայելեցին ճոխ հիւրասիրութիւնը։